Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակը Դերակատար Եղած Է Քեսապի Մէջ Կռիւներուն

April 30, 2014
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdo-ARMYԴիւանագիտական աղբիւրներ եգիպտական «Ժումհուր» կայքին յայտնած են, որ թրքական բանակը աջակցած է անցեալ ամիս Քեսապի շրջանին մէջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու յաղթանակներուն, եւ գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լռելեայն նոր գործակցութիւն մը` զսպելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ ստիպելու, որ ան ընդունի քաղաքական լուծում մը, որ կը ներառէ նաեւ անոր հեռացումը իշխանութենէն:

Կայքը աղբիւրները վկայակոչելով` յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է ուժեղ կերպով սուրիական թղթածրարին ձեռնամուխ դառնալ, մասնաւորաբար` Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ իր կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակէն ետք:

Աղբիւրները նշած են, որ Էրտողան ի գին ամէն ինչի պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ հետ իր երկրին սահմանին վրայ ալեւիական պետութիւն մը գոյանայ, մանաւանդ այն բանէն ետք, որ վերջին ամիսներուն թրքական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութեանց շուրջ հետաքննութիւնները ալեւի թուրքերու մեղսակցութիւնը ցոյց տուած են:

Նշեալ կարգ մը խմբաւորումները թրքական քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ Պաշշար Ասատին նկարները բարձրացուցած էին, ինչ որ կեդրոնական իշխանութեանց մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր:

Աղբիւրները նշեցին, որ թրքական կառավարութիւնը Իրանի ազդեցիկ դէմքերէն` «Քուտս» զօրասիւնի հրամանատար Քասեմ Սալմանիի կողմէ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ: Վերջինս մեծ ազդեցութիւն ունի ալեւի թուրքերուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ իրարանցում ստեղծելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն աջակցութիւն ստացող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մօտ: 15 հազար կռուող հաշուող «Քուտս» զօրասիւնը մասնայատուկ զինուորներու ուժ է, որ մաս կը կազմէ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ» գունդին:

Քաղաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Թուրքիա կ՛ուզէ իր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանել, իսկ Օպամայի վարչակազմը անցեալ հանգրուանին թուրքերուն դիմած է գոյացնելու համար նուազագոյն վնասներով Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համաձայնութիւն մը: Ամերիկացիները կը ջանան ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխել` ստիպելու համար, որ Ասատ ընդունի զինք իշխանութենէն հեռացնող լուծում մը: Միացեալ Նահանգներ նաեւ Ասատի յանկարծակի տապալումէն կը զգուշանան` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութեանց (ալեւի, քրիստոնեայ) դէմ նախատեսելի ահաւոր ջարդերու համար եւ Իսրայէլի ապահովութեան վտանգման համար պատասխանատու կրնան նկատուիլ:

Այլ աղբիւրներ վստահեցուցած են, որ Քեսապի մէջ ընդդիմութեան արձանագրած յաղթանակները թրքական բանակի ուղղակի աջակցութեամբ իրագործուած են: Աղբիւրները նշեցին, որ Էրտողան տեղական քաղաքապետական յաղթանակէն գինովցած է եւ կը ջանայ Ասատի ամրոցը եղող շրջաններուն մէջ արտաքին յաղթանակ մըն ալ արձանագրել եւ այդպիսով Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ռազմական լուծումներու յաղթաթուղթը իր ձեռքին մէջ ունենալ:

 

Նախորդը

Ժիհատականներու Լաթաքիոյ Ճակատ Փոխադրութեան Համար` Յորդանանէն Թուրքիա Օդային Կամուրջ

Յաջորդը

Սուրիոյ Պատերազմին «Լաւ» Եւ «Վատ» Ընդդիմադիրները. Սուրիոյ «Վատ» Ընդդիմադիրներուն Թիւը Կը Հասնի 32-42 Հազարի Կամ Ըմբոստներուն 42-46 Առ Հարիւրին

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։