Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամացուած Հայերուն Թիւը Մէկ Միլիոնի Շուրջ Է. Գուրթ

April 29, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2104-UmitKurtԹրքական «Թարաֆ» թերթը ապրիլ 21-ի իր թիւով լման էջ մը յատկացուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին: Յօդուածագիրը` Թուղպա Թեքերլեք, այս նիւթին շուրջ զրոյց մը ունեցած է պատմաբան Իւմիթ Գուրթի հետ:

Յօդուածը այսպէս կը սկսի.

«99 տարի առաջ էր, 24 ապրիլին, այս հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդ մը ոչնչացնելու համար մահուան ճամբորդութեան մը ձեռնարկուեցաւ: Այս ճամբորդութեան որպէս հետեւանք` հարիւր հազարաւոր մարդիկ մեռան, հարիւր հազարաւորներ արմատախիլ եղան եւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ցրուեցան: Այդ ժողովուրդին հետքերը մեծ մասամբ ջնջուեցան: Բայց` ո՛չ բոլորովին: Թէեւ Հայոց ցեղասպանութենէն երկար տարիներ անցան, բայց այս հողերուն վրայ հայ քրիստոնեայ ինքնութենէն հրաժարելով մահէ փրկուած անձերէն նոր սերունդներ ծնան: Կը կարծուի, որ այդպիսիներուն թիւը ներկայիս մէկ միլիոն է: Այդ նոր սերունդները հետզհետէ սկսան իրենց կեանքի պատմութիւնները պատմելու»:

Թերթը ապա կը ծանօթացնէ պատմաբան Գուրթը, որ ամերիկեան «Քլարք» համալսարանին մէջ ցեղասպանութեան դոկտորական ուսանող է եւ կը զբաղի Այնթապի հայերով: Ան իսլամացուած հայերու հետ բերանացի պատմութեան աշխատանք տարած է եւ գիրքեր գրի առած է պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ:

Գուրթ կը յայտնէ, թէ հայերու իսլամացումը սկսած է 19-րդ դարու երրորդ քառորդին, իսկ Ցեղասպանութեան ընթացքին որոշ հայեր, որոնք տեսած են, թէ տեղահանութիւնը մահ կը նշանակէ, կրօնափոխ եղած են: Ան կը յիշեցնէ, որ Թալէաթ յունիս 22, 1915-ին հրամանագիր մը ստորագրած էր` հրահանգելով չտեղահանել այն հայերը, որոնք կրօնափոխ կ՛ըլլան: «Սակայն այս հրամանագիրէն երեք շաբաթ ետք քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ: Թալէաթ փաշա կրկին հրամանագիր մը ստորագրեց` յայտնելով, թէ հայեր տեղահանութենէն փրկուելու համար երեւութապէս կ՛իսլամանան, ու այդ իսկ պատճառով հրահանգեց կրօնափոխ եղողները եւս տեղահանել»:

Հարցազրոյցի մնացեալ մասին մէջ Գուրթ կը պատմէ, թէ հայերը ինչպէ՛ս կրօնափոխ կ՛ըլլային: Նախ կրօնափոխ ըլլալը ընդունող անձին իսլամական անուն մը կը տրուէր, անկէ կը պահանջուէր, որ երդում ընէ ու աղօթէ որպէս իսլամ: Ապա իսլամացածները շարունակ ապահովութեան ուժերու հարցաքննութեան կ՛ենթարկուէին ու հետապնդումի ենթակայ էին:

Այն հարցումին, թէ կրօնափոխ եղած հայերու այսօրուան սերունդը ինչպէ՞ս կ՛իմանայ, թէ ատենօք հայ եղած է, պատասխանը պարզ է. «Որովհետեւ մանկութենէն ի վեր անոնց «կեաւուր» կ՛ըսէին: Ուստի կը հետաքրքրուէին, թէ ուրկէ՞ կու գար այս «կեաւուր» անուանումը: Օրինակ, եթէ մէկը զինուորական վարժարան աշակերտել ուզէր, անոր հայրը կ՛ըսէր, որ մեզ զինուոր չեն ըներ: Ինչո՞ւ… երբ քանի մը անգամ հարցուէր, այն ատեն հայրը պատասխանը կու տար», կը բացատրէ ան:

Կրօնափոխ եղած այս մարդիկը, ըստ Գուրթի, կը հաշտուէին իրենց իսլամական ինքնութեան հետ: Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք իմամի պարտականութիւն կատարած են:

«Իսկ այսօր ի՞նչ կը զգան անոնք. կը վախնա՞ն իրենց հայկական ինքնութենէն» հարցումին, Գուրթի պատասխանը եղաւ. «Անշո՛ւշտ կը վախնան, որովհետեւ տակաւին կը շարունակուի ուրացումի քաղաքականութիւնը, այս մարդիկը տակաւին կը նկատուին ոչ թէ երկրի իրական քաղաքացիները, այլ` պատանդներ: Այսինքն` աղաւնիի վախկոտութիւն մը: Միայն Հրանդ Տինքի յատուկ չէր ասիկա»:

Ըստ Գուրթի, կրօնափոխ հայերը շատ ուժեղ փափաք ունին իրենց անցեալին հետ երես առ երես գալու եւ երեւան հանելու իրենց հայկականութիւնը: Անոնք նաեւ կը փափաքին, որ առանց որեւէ խտրականութեան` հաւասար քաղաքացիներ նկատուին այլեւս:

«Անատոլուի իսլամացուած հայկական բնակչութեան այսքան բարձր թիւ մը կազմած ըլլալը ի՞նչ մտածել պէտք է տայ իրենք զիրենք թուրք կարծողներուն» հարցումին, պատմաբանը կը պատասխանէ. «Նախ, ասիկա պէտք է մտածել տայ, որ «թուրք ինքնութիւնը բոլորովին շինծու ինքնութիւն մըն է, որ գոյութիւն ունի միւս ինքնութիւններու չգոյութեան շնորհիւ: Այսինքն թրքական ինքնութիւնը իր գոյութիւնը կը պարտի հայու, յոյնի, ասորիի չգոյութեան: Այսօր, ուրկէ՛ ալ նայիք, մօտաւորապէս մէկ միլիոն իսլամացուած հայերու մասին է խօսքը: Հետեւաբար պէտք չէ մոռնանք, որ երբ Անատոլու կ՛ըսենք, կը հասկնանք աշխարհագրութիւն մը, որ թրքացուցած են»:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսկական Հրաշք

Յաջորդը

Էրկուն Պապահան. 1915-ը Ցաւատանջ Խնդիր Դարձած Է Հիմա

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.