Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» Կորիզ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում

April 28, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2604jibeil1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին, շաբաթ, 26 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Ժիպէյլի Հայ կեդրոնէն քայլարշաւով մը` դէպի Ժիպէյլի «Արմենիա» փողոցին վրայ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մասնակիցները վերադարձան Ժիպէյլի Հայ կեդրոն:

Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը կարդաց Մերի Կարապետեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հանգրուանները եւ անոր յաջորդած դէպքերը` հաստատելով, որ թէեւ այսօր Հայաստանը անկախացած է, բայց տակաւին Հայ դատը իր վերջնական լուծումին չէ հասած եւ տակաւին ճամբան շատ երկար է հասնելու մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումին: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած տեսերիզը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Աւետիս Կիտանեան: Ան իր խօսքի առաջին բաժինով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները տարին անգամ մը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու առիթներ են, սակայն Եղեռնը պէտք է մեր առօրեային մէջ մնայուն կերպով ներկայ ըլլայ:

2604jibeil
Աւետիս Կիտանեան

Կիտանեան նշեց, որ 1915-էն մինչեւ այսօր հայութեան համար պահանջատիրութիւնը անցաւ տարբեր հանգրուաններէ` պահելով իր վախճանական նպատակը: Անիկա ունեցաւ արտայայտութեան եւ դրսեւորումի զանազան ձեւեր:

Կիտանեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին վերցնելու ջահը եւ շարունակելու երթը` անցնելու համար ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումէն դէպի հատուցում: Ան նաեւ անդրադարձաւ 2013-ին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ դիմումին` եկեղեցական կալուածներու վերադարձին առնչութեամբ: Ան շեշտը դրաւ նաեւ Հայ դատի հետապնդման մէջ երիտասարդութեան ունեցած  հիմնական եւ կարեւորագոյն դերին վրայ, մանաւանդ ներկայիս արհեստագիտութեան ընձեռած լայն կարելիութիւններուն լոյսին տակ:

Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպան թուրքին շարունակուող հալածանքին, յատկապէս վերջերս Քեսապի մէջ վերջինիս ունեցած մեղսակցութեան` հայաբնակ գիւղի բնակիչներուն տեղահանման աշխատանքին մէջ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում` «Էն. Տի. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերական Միաւոր. «Տը Չիլտրըն Աֆ Էյփրիլ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.