Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

July 4, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան շաբաթ, 18 յունիս 2011-ին` երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Հանդէսի նիւթն էր Ձիւնաթիւրը եւ 7 թզուկները: Ուշագրաւ եւ շատ գեղեցիկ էր բեմի յարդարումը: Անտառ մը իր տնակով, կենդանիներով, թռչուններով, ծաղիկներով, տեսակաւոր խոտերով, որոնք պատրաստուած էին մանկապարտէզի ուսուցիչներուն ձեռամբ:

Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն:

Բացման աղօթքը կատարեց պատուելի Հրայր Չոլաքեան` եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ:

Հանդէսի նիւթը ներկայացուած էր պատմութեամբ: Առաջին մասով, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու փոքրերը ներկայացուցին ստեղծագործութեան պատկերը, երկինքի, երկրի ստեղծումէն մինչեւ Ադամ-Եւա` շատ գեղեցիկ տարազներով: Ապա մեկնաբանուեցան հոգեւոր երգեր` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ  սաղմոսներ:

Ձիւնաթիւրին անտառ մուտքով, կոկոնի եւ բողբոջի փոքրերը ներկայացուցին ծաղիկներու պարը: Բողբոջները պարեցին թզուկներու պարը, իսկ ծաղիկի փոքրերը կախարդելու պարը` յատուկ տարազներով:

Կոկոն դասարանի փոքրերը ներկայացուցին արաբական պար մը, իսկ ծաղիկի աշակերտները` հայկական:

Մէջ ընդ մէջ տեղի ունեցան արտասանութիւններ` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

Դաշնակի ընկերակցութեամբ աշակերտները երգեցին չորս լեզուներով ուրախ երգեր:

Տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ուր ներկայացուեցաւ մանկապարտէզի փոքրերուն դպրոցական եւ արտադպրոցական գործունէութիւնները: Ծնողները հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ:

Վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զ. Մսըրլեանի ձեռամբ, մանկապարտիզպան Յասմիկ Թորոսեանի հրաւէրով:

Շնորհաւորելէ ետք իրենց առաջին վկայականը ստացող փոքրերը, տնօրէնը անոնց մաղթեց մեծամեծ վկայականներ եւ յաջողութիւններ: Շնորհաւորեց նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին դպրոցին, ուր կը ջամբուի հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութիւն` բողբոջ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարան, 4 լեզուներով պատրաստելու համար ապագայ հայ, տիպար մարդը: Օրհնութեան աղօթքը կատարեց պատուելի Հրայր Չոլաքեան, ապա որպէս շնորհակալութիւն եւ գնահատանք, մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն նուիրուեցան ծաղկեփունջեր:

Շնորհաւորութենէն ետք փուջիկներ «պար բռնեցին» սրահին մէջ եւ մեծ ուրախութիւն պատճառեցին փոքրերուն ու ներկաներուն:

Վկայական ստացան Գալուստեան Լոռի, Գալուստեան Յակոբ, Գրուզ Անթոնիօ, Եունէս Քարիմ, Եունէս Եուսէֆ, Պաստաճեան Գէորգ, Տաւիծտոթիր Ակլա եւ Ֆայսալ Թաթիանա:

Նախորդը

«ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔ ՄԱՄԼՈՅ ՄՐՑԱՆՔ»Ի ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԷՔԵԱՆԻ

Յաջորդը

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.