Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

April 26, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2404eshrefiye-(2)Ընդառաջելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու կոչին` ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ կայացած քայլարշաւին կը մասնակցէին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պէյրութի քաղաքական գործիչներէն Մասուտ Աշգար, շրջաններու կուսակցական, միութենական եւ եկեղեցական կառոյցներու անդամներ, թաղապետներ, ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը, ինչպէս նաեւ` հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնք եկան անգամ մը եւս վերանորոգելու իրենց ուխտը` կառչած մնալու Հայ դատին եւ պահանջելով ճանաչում, հատուցում եւ արդարութիւն:

2404eshrefiye-(1)Յատկանշական  էր, որ քայլարշաւը նաեւ գրաւեց շրջաններու լիբանանցի բնակչութեան եւ վաճառատուներու տէրերուն ու աշխատաւորներուն ուշադրութիւնը. արդարեւ, անոնցմէ շատեր այս առիթով փակեցին իրենց խանութները եւ հետեւեցան կազմակերպուած քայլարշաւին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ՀՄԸՄ¬ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք յուշարձանին շուրջ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու, շրջանին մէջ գործող  ԼՕԽ¬ի «Հայաշէն», «Կարս», «Աստղիկ», «Զուարթնոց» եւ «Մեղրի» մասնաճիւղերուն, ԼԵՄ¬ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի սկաուտներուն:

ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Մեղրի Պապիկեան, որ յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ 99 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ ոճրագործը ամբողջովին փոխեց հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, սակայն հայը կը շարունակէ գոյատեւել, կը շարունակէ մնալ պահանջատէր: Անոր համաձայն, հայութիւնը կրցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն յարութիւն առնել, սուգը վերածեց բռունցքի, արցունքը վերածեց վճռակամութեան` յաղթանակի հասնելու գերագոյն նպատակով զինուած:

2404eshrefiye-(3)Իր խօսքը եզրափակելով` Մեղրի Պապիկեան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս, երիտասարդութիւնը յատկապէս պատրաստ են բարձր պահելու հայկական դրօշակը, պահպանելու արժէքները, ինքնութիւնն ու շարունակելու պայքարը մինչեւ արդար իրաւունքի ձեռքբերում եւ հատուցում:

Ապա պատրիարքարանին կողմէ խօսք առաւ Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը նաեւ կը զուգադիպի 75-ամեակին պատրիարքարանին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ: Ան նշեց, որ յուշարձանին քովէն անցնող իւրաքանչիւր հայ պէտք է երդնու հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ ըլլալ հայկական ինքնութիւնը պահպանող հայորդի մը: Վարդան վրդ. Գազանճեան դիտել տուաւ, որ թէեւ յուշարձանը անխօս է, սակայն շատ բաներ կ՛ըսէ բոլորին, կը յուշէ, որ մենք եւս պէտք է կոթողանանք եւ հարուածենք թշնամիին, որպէսզի ան խօսի, ընդունի իր կատարած ոճիրը: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ մեր պայքարին մէջ մեծ դեր ունի ազգապահպանումը, որ հիմնաքարն է մեր յաղթական երթին:

Աւարտին, բազմութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր  կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին:

 

Նախորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Մէջ. Սուրբ Պատարագ՝ Ապրիլեան Նահատակաց Յիշատակին

Յաջորդը

Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Կը Յղէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Ու Չճանչցած Երկիրներու Դեսպանատուներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.