Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչումի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Հսկումի Երեկոյ Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի 75-Ամեակի Նշում` Ժեհթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Շրջափակին Մէջ

April 23, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21April2014-(193)Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններուն, երկուշաբթի, 21 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պետական դիւանագիտական, միութենական եւ երիտասարդական ներկայացուցիչներու:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ռուբինա Թովմասեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` յայտնելով, որ 24 ապրիլ 2014-ին բարձր կը հնչէ վերականգնումի զանգը «յատկապէս մեր` երիտասարդութեան մօտ: Մեր կամքը տոկուն է այսօր, ինչպէս մեր 75-ամեայ յուշակոթողը», շեշտեց ան եւ աւելցուց. «Կ՛երդնունք չդադրեցնել մեր պայքարը, մինչեւ ստանանք մեր արդար իրաւունքը»:

Ապա խօսք առաւ Կարօ Մարաշլեան, որ արաբերէնով անդրադարձաւ Եղեռնի յուշակոթողին, որ լուռ վկան է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Մարաշլեան յատկապէս Թուրքիոյ ուղղելով իր խօսքը` «չե՛նք մոռնար, չե՛նք վախնար ու չե՛նք մղուիր դէպի բրտութիւն ու ատելութիւն», շեշտեց ան: Այս առիթով խօսք առաւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ անդրադարձաւ Քեսապի դէպքերուն` դատապարտելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը: Արաբերէն արտասանած իր խօսքին մէջ Եագուպեան ամփոփ պատմականը կատարեց Հայկական հարցին` նշելով, որ անոր արմատները կ՛երկարին մինչեւ 1375, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումը, հասնելով մինչեւ Պերլինի վեհաժողովը եւ զայն կանխած Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրը` 1878-ին: «1915-ի գարնան Թուրքիա պատեհ առիթ գտաւ գործադրելու իր թուրանական երազը` Թուրքիան թուրքերուն կարգախօսով», ընդգծեց Եագուպեան: «Ժամանակն է, որ Թուրքիա ճշդէ իր կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան գծով եւ արդար հատուցում կատարէ», ըսաւ Վերա Եագուպեան:

Վերա Եագուպեան
Վերա Եագուպեան

Ապա հայ երիտասարդին խօսքը փոխանցեցին յաջորդաբար Արամ Գարատաղլեան եւ Սինթիա Նաժժար: Գարատաղլեան թուեց հայ երիտասարդին գիտելիքները Հայ դատի մասին` ցեղասպանութեան իրաւական փաստերէն, Սեւրի դաշնագիրէն, մինչեւ Թուրքիոյ ճիգերը ցեղասպանութեան ուրացման գծով: Իսկ Սինթիա Նաժժար արաբերէնով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` նշելով, որ անիկա հայոց պատմութիւնը բաժնեց «ցեղասպանութենէն առաջ եւ ցեղասպանութենէն ետք» հանգրուաններու:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ անդրադարձաւ Աղաճանեան կարտինալի օրով, Հայոց ցեղասպանութեան 25-ամեակին առիթով 1939-ին կանգնեցուած Նահատակաց յուշակոթողին` նշելով, որ հայրենիքէն հեռու այս կոթողը սփիւռքահայութեան Ծիծեռնակաբերդն է:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ նշելէ ետք յուշակոթողի կանգնեցման պայմանները, ըսաւ. «Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը խորհին, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մոռցուի, այսօր տարիներ ետք աշխարհասփիւռ հայեր կը շարունակեն իրենց պահանջատիրութիւնը»: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խօսքը ուղղեց երիտասարդութեան` նշելով. «Դուք պիտի դառնաք աշխարհասփիւռ կոթողներէն հնչող մշտահունչ ղօղանջը հայոց պահանջատիրութեան»:

Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու յիշատակը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` յուշակոթողի կանգնեցման պայմաններուն եւ անոր 75-ամեակին առիթով` պատրաստութեամբ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի եւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի ընթերցանութեամբ: Իսկ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Կարինէ Ներսէսեան` «Կռունկ» երգով եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Ոգեկոչման Ձեռնարկ Եւ Ջահերով Քայլարշաւ` Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Մը Ներկայութեան. Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.