Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Մեծ Մօր Պատգամը Համայն Աշխարհին Փոխանցելու Հեռանկարով`. Բացում Անիթա Թութիկեանի Վերակոչած` Եղեռնաշունչ Ձեռագործներու Ցուցահանդէսին

April 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ Գ.

1704BadguerՀայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն նախօրեակին ներկայացուող գրեթէ բոլոր ձեռնարկներու գլխաւոր դերակատարները մեր մամիկներն ու պապիկներն են` իրենց ոգեղէն ներկայութեամբ փոխանցած պատգամով: Պատգամ, որ կու գայ հայոց արդի պատմութեան խորքէն` 1915-ի օրհասական պահերէն, խուլ բայց հաստատ պատգամ, որուն ձայնը հետզհետէ կ՛ուժեղանայ այնքան, որքան կը մօտենանք անկիւնադարձային 100-ամեակին: Եւ զուգադիպութիւն չէր, որ Արամ Ա. վեհափառ 2014-ը հռչակեց «Տարեցներու տարի»: Այն տարեցները, որոնք ի վերջոյ բոլորի՛ս մամիկներն ու պապիկներն են, ըլլան անոնք Հռիփսիմէ, Խաթուն, Մարիձա թէ Ովսաննա կամ` Կարապետ, Թադէոս թէ Մարկոս: Այն տարեցները, որոնք միշտ մեզ հետ են, մեր ենթագիտակիցին մէջ, կը «հսկեն» մեզ, «կ՛ուղղեն» մեզ, եւ մեր, հայութեա՛ն, Հա՛յ դատի «ճամբու քարտէս»-ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անոնց «կտակ»-ի գործադրումը: Կտակ, որ հետզհետէ իր մէջ ամփոփելով մեր մամիկ-տատիկներու պատգամը` խտանալով, ուռճանալով կը վերածուի համահայկական պահանջատիրութեան:

Ահա այդ պատգամն էր, որ արուեստի ընդմէջէն փոխանցուեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պատկեր»-ի (Հայ մշակոյթի ժառանգութեան տուն) ցուցասրահին մէջ եւ որուն ականջալուր եղաւ լիբանանահայ գաղութը, յատկապէս` Պուրճ Համուտի եւ մերձակայքի հայութիւնը, իր երէց թէ երիտասարդ տարրերով, արուեստագէտ ու մեկնաբան հայ եւ ոչ հայ հիւրերով ու բարեկամներով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Պատկեր»-ի տնօրէն Արփի Մանկասարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, նախ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը, որուն առանցքը կը կազմեն Անիթա Թութիկեանի մեծ մօր` Սըրմայի (Հռիփսիմէ Սարգիսեան) ասեղնագործած ձեռագործները: Ձեռագործներ, որոնք հակառակ իրենց համեստ տեսքին, «սովորական գործեր չեն: Անոնք կը ներկայացնեն մեր անցեալի աւանդը», ընդգծեց Արփի Մանկասարեան` շնորհակալութիւն յայտնելով ու բարձր գնահատելով «ծանր» աշխատանքը Անիթա Թութիկեանի, որ «քանիցս Պոլիս գնաց ու իրեն հետ բերաւ այս ձեռագործները»: Այս ձեռագործները «կը կրեն» պատմութիւններ, ապրուած օրեր, հին բայց անմոռանալի պահեր, զորս մենք պիտի պատմենք նոր ոճով, նոր արտայայտութեամբ, արուեստի ճամբով:

Մանկասարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանին, որ իր «դրոշմը» դրաւ այս ձեռնարկին վրայ, իր եւ ամուսնոյն` Անտրէաս Տիմոփուլոսի հետ թափանցելով ձեռագործի խորքը եւ մեկնաբանելով զայն արդի «անտաշ արուեստ»-ի դիտանկիւնէն:
Ապա խօսք առաւ «Ինսթոլէյշըն արթ»-ի (զետեղման արուեստ) արդի մեկնաբաններէն, հոգեբան, արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան, որ անգլերէնով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ երկու հեղինակ: Նախ, ձեռագործին բուն հեղինակը` իր մեծ մայրը, Հռիփսիմէ Սարգիսեան, որ Տերսիմի, Խարբերդի Էրկան (երկար) ընկուզենի կոչուած գիւղի իր յիշատակները, իրենց դառն ու քաղցրիկ յուշերով (ջարդը խորհրդանշող անջատուած գլուխներ, խաչեր, ծաղիկներ…) ներկայացող ասեղնագործութեամբ: Այդ ձեռագործներուն երկրորդ եւ հոգեւոր հեղինակը Անիթան ի՛նքն է, որ արուեստագէտի իր ոսպնեակէն դիտած է նշեալ ձեռագործները` զանոնք ներկայացնելով ու «պատմելով» անոնց պատգամը, ի՛ր ոճով:

«2009-ին, երբ Պոլիս գացի, անակնկալ էին ինծի համար այդ ձեռագործները», ըսաւ Անիթա Թութիկեան, որ իր մանկութեան ամառնային արձակուրդները յաճախ Պոլիս, իր մեծ մօր (1974-էն ետք Խարբերդէն Պոլիս տեղափոխուած) տան մէջ կ՛անցընէր: «Այս ձեռագործներուն մէջ ես «տեսայ» մեծ մօրս եւ իր սերունդին ապրած ահաւոր տեսարանները, ջարդի օրհասական պայմանները, ահն ու սարսափը, յիշողութիւնները, աւանդութիւնները, այլ խօսքով` անցեալի պատմութիւնը», ընդգծեց Թութիկեան` իր խոր ուրախութիւնը արտայայտելով, որ իրեն միացած է Արփի Մանկասարեանի կողքին նաեւ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, որ իր գնահատումով այս ձեռագործներուն տուաւ իրենց միջազգային վարկն ու արժէքը: Թութիկեան այս առիթով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործակիցներուն, յատկապէս` Արիժ Ապու Հարպի, Ուաէլ Պութրոսի, Թարեք Մուքատտեմի, Մայք Մալաճալեանի եւ իր ընկերակիցներուն եւ իր դստեր` Տորին Թութիկեանին, ձեռնարկի պռոշիւրի գեղանկարչական ոճի հեղինակին:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ ֆրանսահայ լեզուաբան, «անտաշ արուեստ»-ի մեկնաբան-խորհրդատու, Փարիզի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն, Հայաստանի արտասահմանեան ակադեմիայի անդամ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, որ ֆրանսերէնով իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս առիթին համար: Ան խիստ բարձր գնահատեց Հռիփսիմէ մեծ մայրիկի «արուեստ»-ը, որ ամբողջ զգացական աշխարհ մը կը ցոլացնէ իր անցեալի դառն յուշերով:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հռիփսիմէ Սարգիսեան մեծ մայրիկի ասեղնագործած ձեռագործներու պատմութեան մասին վաւերագրական կարճատեւ` շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը: Հռիփսիմէ մայրիկի կողքին, տեսերիզին մէջ կ՛երեւէին նաեւ անոր սիրելի զարդեղէնները` սկսելով խաչէն, Ս. Աստուածածնի պատկերէն մինչեւ հայակերտ, նրբակերտ իր ձեռագործներն ու իր ապրած տան (Պոլսոյ մէջ) յարակից մասերը:

Տեսերիզին կ՛ընկերանար ազգային յեղափոխական «Ագուլիսցի քաջ պատանի» երգին եղանակով, սակայն գաղթի սեւ օրերուն մասին թրքերէն բառերով յօրինուած երգը` մեկնաբանութեամբ նոյնինքն` դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի մեղմ ու քաղցր ձայնով:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 18 մայիս 2014, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Պատկեր»-ի տան մէջ, Պուրճ Համուտ:

Մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել հեռաձայնելով 01/240214 կամ 03/652235 թիւերուն:

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Բուռն Բախումներ

Յաջորդը

Ոտնլուայի Կարգը` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. Արժեւորում` Տարեց Սերունդի Վաստակին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.