Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարաքօլու. Հայկական Քեսապը Այժմ Դատարկ Է

April 18, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1804Ragip_Zarakolu_3Թուրք մտաւորական, հասարակական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն իր շաբաթական յօդուածը նուիրած է սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ անոնց` Թուրքիոյ մասնակցութեան:

«Քայիտա» խմբաւորման հետ կապ ունեցող խումբ մը Անթաքիոյ սահմանը դիւրութեամբ անցնելով, հակառակ կողմը գտնուող շրջանի մը` Քեսապի վրայ յարձակած է: Քեսապի առանձնայատկութիւնը հայկական աւան ըլլալն է: Քեսապը այժմ դատարկ է:

Հոն բնակողները, որոնք 1915-ին, 1939-ին դարձեալ գաղթի ճամբան բռնած էին, այժմ հաստատուած են Լաթաքիա:

Արդեօք ճի՞շդ է, որ ջախջախուած սուրիական օդանաւը հոն էր խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկիչներէն պաշտպանելու համար:

Չեմ ուզեր հաւատալ, բայց եթէ ատիկա ճիշդ ըլլայ, ապա կը նշանակէ, որ ոչ միայն սահմանէն, այլ նաեւ օդէն ահաբեկիչները աջակցութիւն ստացած են: Ասիկա բաւական ծանր պիտի ըլլայ:

Թուրքիոյ ղեկավարները կը հպարտանան սուրիական հալածիչը վար առնելնուն համար: Իսկապէս ալ սահմանի ապահովութեան պահպանումը որեւէ երկրի իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է…

Իսկ եթէ այս սուրիական հալածիչը Սուրիոյ պետութեան սահմանին ապահովութիւնը պահպանելու համար երկինքը կը գտնուէ՞ր: Ըսենք, որ սխալմամբ անցած կամ չէ անցած սահմանը:

Չէ՞ որ մեր օդանաւն ալ Սուրիոյ հետ սահմանի ապահովութեան հսկելու ատեն պատահմամբ հատած է սահմանը: Սակայն խորքին մէջ կայ այլ իրականութիւն մը: Թուրքիան, Իսրայէլի նման, ազգային պաշտպանութիւն ունեցող ամէնէն հզօր պետութիւններէն է:

Ժիհատական խումբեր, իսլամական խմբաւորումները հանգիստ կերպով կը հատեն սահմանը:

Այս վիճակը ոչ միայն Սուրիոյ քաղաքացիներուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անվտանգութեան սպառնալիք կը հանդիսանայ:

Տակաւին օրեր առաջ մեր ապահովական ուժերը արաբերէն երգեր երգողներու հաւաքի մը ընթացքին բռնութիւն գործադրած էին եւ ցրուած` հաւաքուածները:

Սակայն զինեալ խմբաւորումները շատ դիւրին կերպով կը հատեն սահմանը եւ յարձակում կը գործեն Քեսապի վրայ:

Ապահովութեան ուժերու պարտականութիւնը ոտքէն մինչեւ գլուխ զինուած «ահաբեկիչները» բռնելը չէ՞: Ներեցէք, այս ժիհատականները «անկախութեան մարտիկներ են», չէ՞:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շատ արագ կերպով պէտք է փոխէ Սուրիոյ ներքաղաքական պատերազմին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, քանի որ ան ատոր համար բարոյապէս պատասխանատուութիւն կը կրէ:

Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է մինչեւ հիմա, Սուրիոյ տեսանկիւնէն պատերազմի պատճառ դառնալ է, սակայն Սուրիան ի զօրու չէ ատոր դէմ պայքարելու:

Ներքաղաքական պատերազմի համար պէտք է յայտարարել անկողմնակալութեան մասին եւ դադրեցնել ապստամբներուն տեղի ու անտեղի օգնութիւն ցուցաբերելը: Միեւնոյն ատեն, քանի դեռ «նոր օսմանականութիւն» կը խաղան, ուրեմն Թուրքիան այլ բարոյական պատասխանատուութիւն ալ ունի: Հոն բնակող մեր հայրենակիցները` հայ, ասորի, քիւրտ, թուրքմեն, ալեւի, պէտք է պաշտպանենք առանց խտրականութեան:

Անոնց ոչ միայն ապաստան, այլ նաեւ դարձեալ քաղաքացի դառնալու կարելիութիւն տանք, եթէ այդ մէկը ընելու փափաք ունին:
Ասիկա միեւնոյն ատեն 1915-ի ողբերգութեան համար մասամբ ներում հայցել կը նշանակէ:

 

Նախորդը

Երիտասարդական Բողոքի Հաւաք` Ընդդէմ Քեսապի Մէջ Թրքական Ոճրագործութեան

Յաջորդը

Մանկապատանեկան Յուշերէս. «Քեսապ Էլ Ժեմիլ» (Գեղեցիկ Քեսապ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.