Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւններ. «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար»

April 17, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

pamboukian_ARF-Publication10Լոյս տեսաւ «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» մատենաշարին  Ժ. հատորը` խմբագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: 544 ծաւալուն էջերու մէջ պարփակուած կոթողային այս հատորն ալ հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ: Տպագրութիւնը իրագործուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:

ՀՅ Դաշնակցութեան մօտ քառորդ դարու գործունէութեան, հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած պատմութեան համապարփակ մէկ ներկայացումն է մինչեւ Ժ. հատորը համապարփակ ներկայացումով:

Երուանդ Փամպուքեան իր պատմագէտի արթնութեամբ եւ հայեցակարգով մանրազնին սերտողութեամբ յաջողած է ի մի բերել յիշեալ ժամակաշրջանին տեղի ունեցած Դաշնակցութիւն-Օսմանեան պետութիւն կապերը, մասնաւորաբար` Իթթիհատ կուսակցութեան հետ տարիներ տեւած (գրեթէ չորս տարի) համաձայնական գործակցութիւնը, որուն մասին լայն տեղ տուած է իր «Յառաջաբան»-ին մէջ: Հոս կը տեսնենք եւ կը հաստատենք օսմանեան Թուրքիոյ պետական վարչակարգին եւ կուսակցական մարմիններուն տուած խոստումները հայկական նահանգներու եւ գաւառներու բարօրութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան համար: Այդ խոստումները միշտ մնացած են զուր խօսքեր` օսմանեան պետութեան ցեղային խարդախ տրամադրութեամբ: Այս իրողութիւնը յաճախ դրսեւորած են թուրքերը` պետութեամբ եւ ժողովրդային զանգուածներու դրսեւորած անմարդկային ախորժակներով: Զարմանալի է նոյն ատեն հայ ժողովուրդին պարբերաբար արտայայտած հաւատքը այնքան շռայլ մատուցուած խոստումներուն ի լուր:

Ե. Փամպուքեան անդրադարձած է յիշեալ ժամանակաշրջանին Ասիայէն Ափրիկէ տարածուած խառնակ պատահարներու, պատերազմական տրամադրութիւններու, ինչպէս Պալքանեան պատերազմը` դէպի Ափրիկէ եւրոպական կարգ մը պետութիւններու թափանցումներու միշտ տիրապետելու տենչով:

Հատորը խմբագրած, տպագրութեան պատրաստած եւ ծանօթագրած Երուանդ Փամպուքեան Ժ. հատորը բաժնած է գլուխներու, իւրաքանչիւրը` կատարուած աշխատանքին մասնայատուկ պատկերը ներկայացնող:

Լայն բացուած էջերը ունին առանձին գլուխներ 23 բաժիններով: Ա. գլուխը յատկացուած է ՀՅԴ եօթներորդ Ընդհանուր ժողովին, որ գրաւած է 9-49 էջերը: Նշենք, որ իւրաքանչիւր գլուխի յատկացուած էջերը նշուած են յստակ բաժիններով առ ի դիւրութիւն ընթերցողին: Յատուկ արձանագրութիւններ կան ՀՅԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան բիւրոներու ծաւալած գործունէութեան: Յոյժ հետաքրքրական, հայոց պատմութեան վերջնագոյն ժամանակաշրջանին իրադարձութիւնները տեղ գտած են հոս: Ընթերցողին համար ապշեցնող, զարմացնող պատմական անցուդարձեր կան, որոնց մասին գուցէ կրնայ լսած ըլլալ ընթերցողը: Մէկ խօսքով, պատմական արխիւ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ճանաչողութիւն մըն է հատորը միջազգային քաղաքականութեան, մասնաւորաբար օսմանեան Թուրքիոյ չարամիտ դիւանագիտութեան եւ եւրոպական ու ամերիկեան տարածուն արշաւներուն ծանօթանալու խորունկ սերտողութիւն մը:

Նախորդ հատորներուն նման` Ժ. հատորը եւս ունի անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր: Անձնանունները` 516-521 էջերու վրայ իսկ տեղանունները` 522-528 էջերուն մէջ:

Հատորին այս բաժինը կը պահանջէ խոր գիտութիւն Հայաստանի աշխարհագրութեան մասին, մեծ քաղաքներէն մինչեւ  յետին գիւղերը եւ աննշան շէները: Անձնանունները եւս անկասկած խմբագիրէն  պահանջած են անսահման համբերութիւն եւ մանաւանդ հաւատք` իր կատարած սպառիչ գործունէութեան նկատմամբ: Երուանդ Փամպուքեանի այս նուիրումը անկարելի ըսելու չափ բացառիկ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Սերունդներու յանձնուած հատորներ, հայ ժողովուրդի անցեալէն եկած ու դէպի ապագայ գացող պատմութիւն, վաւերական եւ իբրեւ աղբիւր ծառայելու գալիք պատմաբաններու, հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն ճակատագրուած:

Թէ որքա՞ն ժամանակ տրամադրած է Ե. Փամպուքեան այս «արկածախնդրական» ծառայութեան համար, Աստուած գիտէ: Մեր գիտցածն ու տեսածը այն է, որ ան բազմիցս երթեւեկեց Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ, մասնաւորաբար` Նիւ Եորք, Պոսթըն շրջանները, ուր կուտակուած էին ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը վկայող արխիւները: Բացի գրական, ուսումնասիրական եւ յարատեւութիւն պահանջող  քրտնաջան աշխատանքէ, կայ նաեւ նիւթական յանձնառութիւնը, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան, անոր ուշադիր հետեւողութեան ի խնդիր հայ մշակոյթի եւ հայ ժամանակակից պատմութեան պահպանման:

Ե. Փամպուքեանի պարտաճանաչ գործակիցը եղած է այս հրատարակութեան յաջողութեան համար, Թամար Սնապեան-Սուրճեանը, որ կատարած է հատորին համակարգչային շարուածքը եւ էջադրումը: Ըսենք նաեւ, որ նման պատասխանատուութիւն պահանջող հատորի մը պարագային Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւս ունեցած է իր ուշադիր ներդրումը: Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

Նախորդը

Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն

Յաջորդը

Համօ Սահեանի Անձն Ու Արժէքը` Անոր Հարազատներու Յուշերուն Ընդմէջէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.