Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

July 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան միջեկեղեցական հանդիպումներ:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհին հետ: Ընդհանուր քարտուղարը Եգիպտոսէն նոր վերադարձած ըլլալով` վեհափառին փոխանցեց Շնուտա Գ. պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները: Ան նաեւ ընդհանուր գիծերով պարզեց Եգիպտոսի ներքին կացութիւնը: Իբրեւ նախագահներէն մէկը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին` վեհափառը նաեւ տեղեակ դարձաւ խորհուրդի կարգ մը բաժանմունքներու աշխատանքներուն եւ յատկապէս` յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք խորհուրդի համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Լսելէ ետք ընդհանուր քարտուղարին զեկուցումը` վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն գործօն մասնակցութիւնը համաժողովին: Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը վերակազմակերպելու եւ անոր ծառայութեան նոր մղում տալու հրամայականը` իբրեւ շրջանին մէջ եկեղեցիները համախմբող եւ անոնց հաւաքական կեցուածքը արտայայտող միակ կառոյցը:

Դարձեալ վեհափառին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ղպտի, ասորի եւ հայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Միջին Արեւելքի ծիրին մէջ համախմբող մարմնի անդամներէն Սալիպա մետրոպոլիտին եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ:  Սոյն հանդիպման նպատակն էր յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք յիշեալ մարմնի օրակարգի եւ աշխատանքի ընդհանուր ուղեգիծի պատրաստութիւնը: Այս առիթով վեհափառը թելադրեց սրբազաններուն, որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեն Շնուտա պատրիարքին, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեն ղպտի եկեղեցւոյ` այս դժուար օրերուն:

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՂՏՈՏ ԼՈՒԱՑՔԸ ՓՌԵԼ ԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱՌՋԵՒ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.