Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարձրարուեստ Համերգ` Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Ուսուցիչներուն Կատարողութեամբ

April 14, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamazkayin1204Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, շաբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ համերգ մը:

Ընդունուած սովորութիւն է, որ դպրոցներու, այս պարագային Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները տարբեր նախաձեռնութիւններով ներկայանան հանրութեան, իրենց նորափթիթ տաղանդները հրամցնեն իրենց ծնողներուն եւ բարեկամներուն, սակայն շաբաթ օր տեղի ունեցածը յատկանշական էր, որովհետեւ այս անգամ ելոյթ ունեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչները, երբեմն արդէն իսկ արուեստի որոշ մակարդակի հասած իրենց աշակերտներուն մասնակցութեամբ:

Կարպիս Գապասագալեան
Կարպիս Գապասագալեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ  Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին` երաժշտական քոլեճին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին` բարոյական ու նիւթական նեցուկին համար, ինչպէս նաեւ Ճենտերեճեան եղբայրներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան երաժշտական դպրոցներուն մակարդակի բարձրացման իմաստով, նաեւ ուսուցչական կազմին, որուն իւրաքանչիւր անդամին ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ արուեստով ապրող սերունդներ կը պատրաստուին:

Աւարտին` արուեստի լեզուին դիմաց խօսքեր արտասանելը անտեղի նկատելով, Կարպիս Գապասագալեան բեմահարթակը յանձնեց արուեստագէտ-երաժիշտներուն:

Ապա ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը` ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ. անոնք ներկայացուցին Մ. Միքայէլեանի կողմէ մշակուած «Էլ Վիթօ» եւ «Մալակուենա» կտորները: Տուտուկի վրայ միջնադարեան «Հավուն, հավուն» տաղը նուագեց Յակոբ Քելուկեան, քանոնի վրայ Մարիա Գալֆայեան ներկայացուց «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, Շողիկ Թորոսեան` դաշնակի նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, երգեց Վահան Թէքէեանի «Կ՛անձրեւէ տղաս»-ը, Հ. Պէրպէրեանի երաժշտական յօրինումով: Ջութակահար Աշոտ Ճենտերեճեան ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան նուագեցին Փիազոլլայի «Ֆրանքանափա» կտորը, ապա ելոյթ ունեցան ջութակի եռեակը` Արմէն Ճենտերեճեան, Լիւսի Չամսարեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան, որոնք նուագեցին Թելեմանէն քոնչերթօ մը: Անկէ ետք Կարօ Սվաճեան ֆլիւթի, Մայք Աշճեան դաշնակի եւ Ռոճըր Սմիթ թաւջութակի վրայ միասնաբար նուագեցին Մայք Աշճեանի «Գարունը Հայաստանում»-ը: Ճենտերեճեան երկեակը ջութակի վրայ նուագեց ժողովրդային երգ մը` «Սիրուհիս», որուն երաժշտական մշակումը կատարած է Աշոտ Ճենտերեճեան, դաշնակի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր Նարէ Աղասարգիսեան: Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին չորս ջութակահարներու` Արմէն Ճենտերեճեանի, Մարինէ Հալլաճեանի, Լիւսի Չամսարեանի եւ Աշոտ Ճենտերեճեանի նուագը` Վիվալտիի քոնչերթոն:

Վերջին հանգրուանին ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի մենակատարներու համոյթը, որուն ընկերակցութեամբ մենակատար Շողիկ Թորոսեան երգեց «Ավէ Մարիա»-ն, ապա ջութակահարներու համոյթը նուագեց Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն ու Մանֆրետինիէն զոյգ ստեղծագործութիւնները:

Բարձրորակ երաժշտութեամբ եւ արուեստով յագեցած երեկոյ մը, որուն ընթացքին տարբեր առիթներով ներկաները երկար ու բուռն ծափողջոյններով շնորհաւորեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին Համազգայինի ուսուցիչներուն, որոնք նման ժամեր անցընելու առիթ ընծայեցին իրենց:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շարք` 2-1

Յաջորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի «Էս. Էյ. Թի.»-ի Քննութեան Դասընթացքին Արդէն Իսկ Կը Մասնակցին 38 Աշակերտներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.