Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Պէյրութ Հրաւիրուած Պոլսահայ Մտաւորականներ Կը Ներկայացնեն Հայութեան Հետքերը Եւ Պոլսոյ Հայ Գաղութը

April 11, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bolis1-1004Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 10 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անաթոլիա եւ Հայ մշակութային հետքեր… 19 քաղաք, 15 հետք» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ պոլսահայ գաղութը անկիւնադարձային հանգրուան մը կ՛ապրի այսօր, եւ այդ երեւոյթը ի յայտ կու գայ պոլսահայութիւն – Հայաստան – սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ վերջերս թափ առած ուսումնասիրութիւններու, գիտաժողովներու, մշակութային ձեռնարկներու եւ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքին մէջ եղած ներդրումին ընդմէջէն: Ապա Սիլվա Քիւրքճեան ներկայացուց օրուան դասախօս ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի կենսագրականը եւ զայն հրաւիրեց ներկայացնելու իր նիւթը:

Զաքարիա Միլտանօղլու
Զաքարիա Միլտանօղլու

Զաքարիա Միլտանօղլու մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ լուսանկարներու ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ ներկայացուց «Անաթոլիա եւ հայ մշակութային հետքեր… 19 քաղաք 15 հետք» նիւթով դասախօսութիւնը:

Զ. Միլտանօղլու իր դասախօսութեան մէջ յայտնեց, որ հազարաւոր քաղաքներ, գիւղաքաղաքներ, գիւղեր եւ շրջաններ, ուր հայութեան հետքեր կարելի է գտնել… «19 քաղաք, 15 հետք»-ը խորհրդանիշ է 1915 թուականի 1900 շրջաններու բնակչութեան 1,5 միլիոնի նահատակութեան:

Միլտանօղլու իր դասախօսութեամբ ընտրած էր 19 քաղաքներ եւ շրջաններ: Դասախօսութեան ընդմէջէն ան ներկայացուց իր այցելութիւններու ընթացքին նկարուած եկեղեցիներու, դպրոցներու, հայկական թաղամասերու, եւ ընդհանրապէս հայկական հետք ունեցող վայրերը եւ բաղդատական մը կատարեց այդ նոյն վայրերու անցեալին ունեցած մշակութային արժէքը այսօրուան իրականութեան հետ` փաստելով Թուրքիոյ քաղաքականութեան աւերիչ դերակատարութիւնը այդ հետքերուն նկատմամբ:

Դասախօսութեան աւարտին Միլտանօղլու պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նշենք, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Պոլիսէն յատուկ հրաւէրով 10-էն 13 ապրիլ Լիբանան կը գտնուին Զաքարիա Միլտանօղլու, Տիգրան Ալթուն եւ Սարգիս Կիւլեկեչ: Դասախօսութիւններու շարքը պիտի շարունակուի այսօր` ուրբաթ, 11 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Զաքարիա Միլտանօղլու պիտի ներկայացնէ «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն 1794-1980 ժամանակաշրջանը» նիւթը:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Մասնակցեցաւ Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

«Ապրիլեան Յիշատակի Ձեռնարկ»` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» Պատանեկան Միութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.