Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ` ՆԱԶԵԼԻ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

July 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նազելի Եարտըմեան

Մահը բոլորին է, բոլորս մահուան:

Այսպէս կ՛ըսեն, որովհետեւ ասիկա կեանքի օրէնքն է, որմէ ոչ ոք կրնայ խուսափիլ. բոլորս կ՛ապրինք ի վերջոյ հանգստանալու հոն:

Սակայն, կանխահաս վաղաժամ մահերը որքան ալ ցաւալի ըլլան` անդարմանելի խռովայոյզ զգացումներ ստեղծելով հարազատներուն ու անմիջական շրջանակներուն մօտ, նոյնքան տխուր է ծնողք կորսնցնելու դառնութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան յառաջացեալ տարիքի մէջ:

Այս անմիջական յուզիչ մտածումները ունեցած եմ, երբ կորսնցուցած եմ հայրս, իսկ այսօր` մայրս:

Իրաւացի է, երբ կ՛ըսուի, թէ մայր կորսնցնելը կրկնակիօրէն վշտալի է, որովհետեւ ան մեզ ծնողն է, խնամողը, մեծցնողը, դաստիարակողը ո՛չ միայն որպէս զաւակ, այլեւ` հայ, հաւատացեալ, մարդ, մեր ինքնութեամբ, հաւատքով ու գութով:

Մեր տան անառիկ սիւնն էր մայրս` Նազելի Եարտըմեան, որ ի տէր հանգեցաւ չորեքշաբթի, 18 մայիս 2011-ին, իր ընտանիքին եւ հարազատներուն մօտ ձգելով ամբողջ աշխարհ մը յոյզերու, ուրախութիւններու, յիշատակներու ու խորհուրդներու:

Ինչպէս տարագիր իւրաքանչիւր հայ, մայրս եւս, ծնողքին` Պօղոս եւ Ազնիւ Մազագեաններու հետ, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ-Լիբանան, հոն ամուսնանալով հօրս` Գարեգին Եարտըմեանին հետ (1938), կազմելով հայաշունչ ու հայադրոշմ բոյն մը, բախտաւորուելով երեք զաւակներով` Հայկազ, Ճոնի եւ Հրաչ, ցաւ ի սիրտ, այս վերջինը զոհ կ՛երթայ Պհամտունի ողբերգական արկածին` 1 ապրիլ 1960-ին` մեծ դժբախտութիւն պատճառելով բոլորիս:

Մայրս` ըլլալով բարեպաշտ եւ եկեղեցասէր, հակառակ իր ցաւերուն (տարագրութիւն եւ որդիի  կորուստ) մնաց կանգուն, ամուր եւ կառչած իր հարազատներուն, որոնց նկատմամբ ունէր անհուն սէր, գուրգուրանք ու հոգածութիւն:

Հօրս հետ կը կազմէին անխզելի միութիւն մը, ունէին նուիրականութիւն` հանդէպ իրենց ընտանիքին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին, որովհետեւ համոզուած էին, որ անոնք են միակ ճամբան, վերապրումով ու վերականգնումով մեր նահատակներուն պատգամը իրագործելու եւ նոր սերունդներու ապագան կերտելու:

Այս պատճառով ալ, ուխտի կարգով կը յաճախէր Աստուծոյ տունը, կը ծառայէր ու կը նուիրաբերէր անսակարկ պատրաստակամութեամբ եւ ամենայն զոհաբերութեամբ` նոյն ոգին եւ սէրը փոխանցելով նաեւ իր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Էշրեֆիէի «Կարս» մասնաճիւղի, Հայ Աւետարանական տիկնանց միութեան մէջ, Եոզկաթի եւ շրջանակից հայրենակցական միութեան եւ ՔԱՀԼ-ի տիկնանց օժանդակ մարմիններուն մէջ իր գործօն մասնակցութիւնն ու անդամակցութիւնը բերած է. ասիկա արդէն իսկ կը փաստէ անոր ազգանուէր աշխատանքին ծաւալն ու կշիռը:

Զինք ճանչցողները սրտի գոհունակութեամբ կը վկայեն Նազելիի մարդասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնը ու հայրենասիրութիւնը, որպէս տիպար կողակից, մայր, մեծ մայր` նկատի ունենալով անոր ժրաջանութիւնը, հեզութիւնը եւ բարութիւնը:

Իր ընտանեկան ու բարեսիրական աշխատանքներու կողքին, մայրս ժամանակ կը գտնէր հայկական ասեղնագործութեամբ եւ ընթերցասիրութեամբ զբաղելու` հաստատելով, որ անոնք եւս հայ ընտանիքին մաս կազմող բարեմասնութիւններ են` իր զաւակներուն ու թոռներուն ալ դաստիարակելով այդ ճամբով, անոնց ձգելով «ժառանգ»ներ:

Վերջին շաբաթներուն, երբ ծերութեան շուքը արդէն ճնշած էր վրան, մեզմէ աւելի ինք կը գիտակցէր, որ ժամանակը հասած էր բարձրանալու նախախնամութեան մօտ, որուն օրհնութեամբ ապրեցաւ 90 տարի, միշտ մտասեւեռում ունենալով իր ընտանեկան, հոգեւորական ու մարդասիրական համոզումներուն ծառայ մնալու սկզբունքը:

Մենք եւ բոլոր զինք սիրողները տխրեցանք, սակայն, ապրեցանք այն հոգեպարարութեամբ, որ ան եղաւ օրինակելի մայրութեան մը խորհրդանիշը` հանդարտօրէն եւ խաղաղօրէն իր հոգին աւանդելով:

Այս փունջ մը խօսքերը` իմ եւ իմ հարազատներուս կողմէ, թող ըլլան երախտապարտութեան եւ յիշատակագրութեան բարձրագոյն մտորումի մը արտայայտութիւնը` խոստանալով անոր հոգին եւ աւանդը միշտ պայծառ պահել հարազատութեամբ եւ ամենայն քաղցրութեամբ:

ՀԱՅԿԱԶ Ք. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Նախորդը

ՈՒՇԱՑԱԾ ԶՐՈՅՑ (ՇԱՔԷ ԱՐՓԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Յաջորդը

ՓՈԽԱՆ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԻ` ԽՈՆԱՐՀ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ ԾԱՌԱՆ (ԿԱՐՕ ԱՐԾԻՒԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.