Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Կը Զօրակցի Սուրիահայութեան

April 9, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1969-SyriaՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, գումարուած հինգշաբթի, 3 եւ ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող քաղաքական ու ապահովական խնդիրներուն նկատմամբ եւ յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ կացութեան առնչութեամբ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր միաբանութեամբ ու բոլոր կառոյցներով, վերջին երեք տարիներուն նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի եւ Գամիշլիի ու այլ հայկական շրջաններու մէջ, որոնց նորագոյն զարգացումն է քեսապահայութեան տեղահանութիւնը` բացայայտ մեղսակցութեամբ ցեղասպան թուրքին:

Ներկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ, Սուրիոյ մեր համայնքը, իր հայաշատ բոլոր շրջաններով, անմիջական եւ շարունակական օժանդակութեան կարիքն ունի, որպէսզի պահպանէ հարիւրամեակներու ընթացքին եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կառուցուած, հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային աւանդը:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ, սուրիահայութեան ուսումնական-կրթական համակարգին պահպանումը, ինչպէս նաեւ ընկերային, մշակութային ու համայնքային այլ մարզերու առաւել ծաղկումը, մեզ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց` ապահովելու եւ կենսաւորելու նոր սերունդին հայակերտումը եւ համայնքի վերականգնումը:

Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ յանձն կ’առնէ ամէն գնով սատար հանդիսանալ ա՛յս նուիրական գործի ամբողջական յաջողութեան եւ կը շարունակէ աղօթել, որ Աստուած Ի՛ր խաղաղութիւնը շուտով հաստատէ Միջին Արեւելքին եւ սուրիական ասպնջական հայրենիքին վրայ:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի Եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Մարի Լու Փափազեան Ներկայացուց «Թումօ»-ի Ծրագիրն Ու Անոր Ամառնային Ճամբարի Առաքելութիւնը Եւ Գործելաոճը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Խօսքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.