Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մնացորդացին Դէմ Դաւ` Միշտ Անբարոյ Մեղսակցութեամբ «Մեծ Տէրութեանց»

April 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տեղականէ, տեղայնականէ եւ քաղաքական համարուած (չ)իմաստութիւններէ տարբեր մտածում եւ նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ են:

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ շղթայազերծուած պայքարին զօրավիգ կանգնող «մեծեր»-ը նախօրօք մտածա՞ծ էին ապահովական միջոցներու մասին, որպէսզի նոր ոճիրներ չգործուին անպատիժ մնացած նախկիններու հունով:

Հայկական Կիլիկիոյ պարպումէն եւ յանձնումէն երկու տասնամեակ ետք Ֆրանսան Ալեքսանտրեթի սանճագը զիջած էր Թուրքիոյ` ցեղասպանութենէ ճողոպրած այդ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան պարտադրելով նոր տեղահանութիւն, գաղթականութիւն, ցեղասպանութեան շարունակութիւն եւ հայրենազրկում:

Յաջորդական այդ զիջումները անտարբերութեամբ ընդունած էին միջազգային համայնքը, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց կարգախօսներով փքուող պետութիւնները` տուրք տալով ռէալ փոլիթիքին: Գութի փշրանքներ փոխարինած էին իրաւունքը:

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ երբ պայքար կը շղթայազերծէին, մտածա՞ծ էին հաւանական փորձուած եւ մոլեռանդ «գործակիցներ»-ու մասին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ծնունդ չտան նոր անարդարութիւններու, ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ: Այսօր իրողութիւն է, որ փոխան արդարութեան եւ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ` դէմ առ դէմ կը գտնուինք աւերածութիւններու, անմեղներու մահուան, կրօնական հալածանքներու, մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու, օրինակ` դրամաշորթութեան համար առեւանգումներու:

Անպատժելիութեան այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիան նոր տեսակի վարձկաններով «սանճագ»`ի նուէրէն փրկուած հայկական Քեսապը կը գրաւէ` հայ ժողովուրդին հոն ապրող մնացորդացին պարտադրելով նոր գաղթականութիւն, ուժի ամբարտաւան ցուցադրութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակի նախօրեակին: Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսան, ցեղասպանութիւնը Մեծ եղեռն կոչող Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ այն բոլոր երկիրները, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շնորհը ըրած են, ըսելիք եւ, մանաւանդ` ընելիք չունի՞ն:

Իրենց նախահայրերու հողէն եւ պապենական տուներէն արտաքսուած են քաղաքայիններ, որոնք պատերազմիկ կողմ չէին: Ի՞նչ անուն կարելի է տալ այս նախնական եւ վայրագ ընկերութիւններու յատուկ վերաբերումին: Գրաւել եւ հաստատուիլ ուրիշի տան մէջ: Դեռ կարելի է ուրախ ըլլալ, որ բռնագրաւողները չեն ջարդած տեղւոյն բնակչութիւնը, ինչ որ զարմանալի պիտի չըլլար:

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ գործելու ընթացքին պէտք է նշել որ ոչ ոք նկատի առած էր կողմնակի բացասականութիւնները, ինչպէս` փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնները: Մեծ տէրութիւնները կրնայի՞ն անգիտանալ այդ հետեւանքները եւ այսօր ընդունելի՞ է, որ պատասխանատու չըլլան այդ սխալներուն համար: Իսկ եթէ գիտակցաբար այդ սխալը գործած են, ո՞ր միջազգային դատարանին հաշիւ պիտի տան:

Հայաքաղաք Քեսապի դէմ գործուած նախայարձակման ուղղակի եւ անուղղակի պատասխանատուութիւնները պէտք է որ ճշդուին,  ուղղակի նախայարձակման յանցանք եւ կրաւորականութեամբ յանցանք: Այս պարագային, եթէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը անատակ ըլլայ իրաւունքը վերահաստատելու, ապահովելու գաղթականներու վերադարձը եւ արդար հատուցում ընելու, որպէսզի զոհերու տուները, տնտեսութիւնը եւ բնական կեանքի պայմանները վերստին ստեղծուին, հարկ է բողոքել: Եթէ անցեալի եւ ներկայի «մեծ տէրութիւններ»-ը չէին գիտեր, թէ ինչե՜ր կրնային պատահիլ, երբ Թուրքիոյ գործակցութեամբ սուրիական հարց կ՛ուզէին լուծել, պարզապէս արգահատելի են եւ յանցաւոր: Թուրքիան հաւատարիմ է իր ծաւալապաշտ վարքագիծին, այդ ծաւալապաշտութեան ճամբան հարթողները յանցագործ են, եւ հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր որ ալ գտնուին, իրենց բողոքը եւ ցասումը պէտք է արտայայտեն` առանց տուրք տալու պատշաճեցումներու եւ սէրերու:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան լիիրաւ անդամի հանգամանքով, միջազգային քննչական մարմին ստեղծելու պահանջով հրապարակ պէտք որ գայ: Պէտք որ եկած ըլլար: Այս նոր բռնագրաւման եւ գաղթականութեան պարտադրանքին դէմ համազգային եւ բոլոր միջոցներով եթէ ոտքի չկանգնի մեր ժողովուրդը, տարի մը վերջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակ նշելու նախաձեռնութիւնները կը դառնան ընկոյզի դատարկ կճեպ:

Այս նոր բռնագրաւումը կանխիկ պատասխան է 100-ամեակի սպասուող զօրաշարժին:

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, բարեսիրական աղուոր զգացումները, զօրակցութիւնները եւ հաղորդագրութիւնները պէտք չէ ստուեր ձգեն էական հարցին վրայ:

Այդ էական հարցով կը սպասուի ղեկավարութիւններու ճապկումներէ զերծ հակազդեցութիւնը:

Անպատժելիութեան վարժ Թուրքիոյ ձեռքերը ազատ ձգողները եւս հաշիւ պէտք է տան` դադրելով ամենագէտ իրաւարարի դերը խաղալէ:

Վերականգնումը ճառերու գումար չէ, վերհամայնաքային եւ վերմրցակցային է: Այս իրաւ ազգային գիտակցութիւնը պէտք է ներշնչել, որպէսզի ստեղծուի համազգային յանձնառութեան ալիքը:

Այս վերականգնումին համար արտաքին միջամտութիւն եւ ուժեր անհրաժեշտ չեն:

 

1 ապրիլ 2014, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

«Յուշամատեան Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի 25-Ամեակի»

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Այդպիսիներ Թող Չերթան Եկեղեցի Եւ Թող Չաղօթեն…»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.