Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Կապեր. Համացանցի Վրայ Ընկերային Կապերէ Խուսափելու Նոր Ուղղութիւնը

April 7, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985CLOAKԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՒՆԻ ԻՐ «ՀԱԿԱԹՈՅՆԸ» ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵ՛ՆՔ Կ՛ՈՐՈՇԵՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՁԵՒԵՐԸ. ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՔԼՈՔ, ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ «ՀԱԿԱԸՆԿԵՐԱՅԻՆ» ԴԵՐ ԵՒ Կ՛ՕԳՆԷ, ՈՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԽՈՅՍ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԷՆ: ԻՆՉՈ՞Ւ. ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԳԱՂՏՆԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ` ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՆՈՐ ՇՈՒԿԱՆԵՐ: «ՊԻ.ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Մինչ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու նպատակն է մարդիկը կապի մէջ դնել իրարու հետ, անդին` այս նոր սպասարկութիւնը մաս կը կազմէ հետզհետէ ժողովրդականութիւն վայելող նոր ուղղութեան մը, որ կը ծառայէ ճիշդ հակառակ նպատակին. օգնել, որ խուսափինք համացանցի վրայ մեր ընկերային կապերէն:

Քլոք կ՛օգտագործէ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու (ինչպէս` Ֆորսքուէր եւ Ինսթակրամ) հանրային վայրերու վերաբերող տեղեկութիւնները, որպէսզի գտնէ հետքը այն անձերուն, զորս կը ճանչնաք:

Քլոք ահազանգ կը հնչեցնէ, ամէն անգամ որ մեր ճանչցած անձերէն մէկը կը մօտենայ մեզի:

Անիկա նորագոյնն է համացանցի «հակաընկերային» կամ «գաղտնի» սպասարկութիւններուն մէջ:

Այլ օրինակ մըն է Սնափչաթ, որ լուսանկար մը կամ տեսերիզ մը բանալէ քանի մը երկվայրկեան ետք կը ջնջէ զանոնք, իսկ Սիքրըթ կը հրապարակէ անանուն երկտողեր:

Նման սպասարկութիւններու ժողովրդականութիւնը հետզհետէ կը տարածուի: Վերջերս Ֆէյսպուք 19 միլիառ տոլարի գնեց Ուաց ափը, որ երկտողեր փոխանակելու անձնական միջոց մըն է:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ համացանցով հաղորդակցելու ուղղութիւնը կը վերադառնայ իր նախկին անձնական բնոյթին:

Քլոք ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ միջոց` խուսափելու «նախկին կողակիցներէ, պաշտօնակիցներէ, այն անձերէն, որոնք կը սիրեն շատախօսել, այն բոլորէն, որոնց պիտի չուզէինք հանդիպիլ»:

Համակարգիչի ծրագիրներ պատրաստող Պրայըն Մուր եւ շատ արագ տարածուող լուրերու Պազֆիտ կայքի նախկին տնօրէն Քրրիս Պէյքըր ստեղծած են Քլոքը:

Պէյքըր կ՛ըսէ, թէ իր սպասարկութիւնը կը համապատասխանէ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու ներկայ ուղղութեան:

«Ասիկա ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու գագաթնակէտն է», ըսած է ան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին:

«Թուիթըրի եւ Ֆէյսպուքի նման ցանցեր լեցուն են, եւ մենք թխմուած ենք անոնց մէջ: Հակաընկերային ուղղութիւնը արդէն թափ ստացած է: Հետզհետէ աւելի յաճախ պիտի հանդիպինք նման նոր սպասարկութիւններու»:

Արհեստագիտական սպասարկութիւններու յատուկ «Ափս Մակըզին»-ի խմբագիր Նիք Ճոնզ թէեւ թերահաւատ է, սակայն կը խոստովանի, թէ կրնայ Քլոքը օգտագործելու փորձութեան մատնուիլ:

Ճոնզի համաձայն, նման սպասարկութիւններ ի յայտ կու գան ո՛չ թէ սպառողական պահանջի իբրեւ արդիւնք, այլ որովհետեւ զանոնք արտադրող ընկերութիւնները կը փորձեն նորութիւններ առաջարկել ընկերային կապեր հաստատող շուկաներու :

«Մարդիկ կը փորձեն այլազանութիւն ստեղծել, իւրայատուկ ուղղութեամբ սպասարկութիւն մը մատուցել, ապա զայն Ֆէյսպուքի վաճառելու աշխատանք տանիլ», կ՛ըսէ ան, թէեւ կ՛ընդունի, թէ «գաղտնապահութիւնը ունի իր առաւելութիւնները եւ բաւական գրաւիչ է շատերուն համար»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Ապրիլ 1964)

Յաջորդը

Մարդկային Կապեր. Կարելի՞ Է Մեռնիլ Կոտրած Սիրտէ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.