Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ 68-64 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մութթահետին (8-15, 28-26, 47-46 եւ 68-64):
7-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, երբ Ղազիրի մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ Պըժժէն:
Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, դարձի 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Սաժես Ղազիրի մէջ կը հիւրընկալէ Շանվիլը:


