Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Միսաք Թերզեանի «Յաւերժական Երազ» Ցուցահանդէսի Բացում

April 4, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2649Երէկ` հինգշաբթի, 3 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանի «Յաւերժական երազ» ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Ցուցահանդէսը կը վայելէր «Այ. Պի. Էլ.» դրամատան տնօրէն Սալիմ Հապիպի հովանաւորութիւնը:

Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ Թերզեանի այս ցուցահանդէսը, որ տարածուած է ցուցասրահի երկու յարկերու վրայ, հարազատօրէն կ’արտացոլէ արուեստագէտին աշխուժ եւ կենսունակ գործունէութիւնը: Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեան, որ ներկայացուց Միսաք Թերզեան արուեստագէտը: Ան նշեց նաեւ, որ Թերզեան մաս կը կազմէ ցուցասրահի վարչութեան եւ մեծ է անոր ներդրումը ցուցասրահի ծրագիրներուն մշակման ու իրականացման հոլովոյթին մէջ: Պէօյիւքեան ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց Թերզեանին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր «Այ. Պի. Էլ.» դրամատան տնօրէն Սալիմ Հապիպի, որ արուեստի մեծ սիրահար մըն է եւ հայութեան լաւ բարեկամ մը: Ապա ան հրաւիրեց ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը, որ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Սալիմ Հապիպի:

IMG_2506Սալիմ Հապիպ իր խօսքին մէջ գնահատեց արուեստագէտը եւ այս ցուցահանդէսի թեմայի ընտրութիւնը: Ան երազը կարեւոր նկատեց մարդկային կեանքի երթին մէջ, առանց որուն կարելի չ՛ըլլար արձանագրել նուաճումներ եւ իրագործումներ: Ան այս իմաստով ուրախութեամբ հաստատեց, որ Թերզեանի ընտրած թեման համահունչ է իրենց դրամատան որդեգրած լոզունգին եւ պատգամին հետ: Ան այս առիթով մեծապէս դրուատեց նաեւ ցուցասրահի գործունէութիւնը, որ հակառակ երկրին ապրած դժուարութիւններուն, կը փորձէ մշակոյթի եւ արուեստի ճամբով յոյս եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն ներշնչել: Ան հաստատեց, որ առանց մշակոյթի եւ անոր ճառագայթումին, կարելի չէ պատկերացնել հայրենիքի մը կամ ազգի մը զարգացումը եւ գոյատեւումը:

IMG_2554Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ յայտնեց, թէ ինք այս ցուցահանդէսով կը փորձէ իր երազին եւ թռիչքներուն մասնակից դարձնել արուեստասէրը եւ իր այս առաքելութեան իրականացման մէջ կը տեսնէ իր յաջողութեան գաղտնիքը: Ան իր կարգին անդրադարձաւ երազի անհրաժեշտութեան եւ հաստատեց, որ ժամանակը չի կրնար հակակշռել կամ սահմանել զինք: Ինք ընթացքի մը վերջաւորութիւնը չէ, այլ մնայուն ընթացք մը:

Արուեստը իրեն համար իր սրտէն, հոգիէն եւ կեանքէն անբաժան մաս մըն է, եւ երբ ինք կը յաջողի իր երազը փոխանցել արուեստասէրին, այդ պարագային անիկա կը դառնայ յաւերժական:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 21 ապրիլ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Այս առիթով ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ կը ցուցադրուին տարբեր չափի 48 պաստառներ:

Նախորդը

Ջաւախքի Շաբթուան Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Կարգախօսով Ուսանողական-Երիտասարդական Հանդիպում

Յաջորդը

Տաւութօղլու. «Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Յարաբերութիւնները Շուտով Պիտի Կարգաւորուին»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.