Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ` ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԿԱՐԳԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

July 1, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուող եւ ճշդուած եզրով մը անոր արժանի դարձողներուն տրուող սկաուտական բարձրագոյն` Արարատեան կարգի տուչութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարօ Թազեան, որ նշեց, թէ այս կարգի տուչութեան գծով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը համապատասխան թելադրանքներ կատարեց շրջաններուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին այս աշխատանքը իրականացնեն: Ան այս առիթով նշեց, որ Լիբանան եւս նկատի առնելով ճշդուած եզրերը` այս կարգը ստանալու, հրաւիրեց պայմանները ամբողջացնողները, որպէսզի կատարուի Արարատեան կարգի տուչութիւն` ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Իր խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ Արարատեան կարգին արժանացած ՀՄԸՄ-ականներէն Կարօ Մուրաջանեան երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով նամակով մը խնդրած է, որ իր բացակայութիւնը նկատի առնուի:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի կեանքին մէջ սկաուտական խմբապետներուն տարած կարեւոր եւ ազգակերտ գործունէութեան` դիտել տալով, որ հակառակ ասոր, անոնք ընդհանրապէս կը գործեն շուքի մէջ` աւելցնելով, որ առանց երեւելու աշխատանք իրականացնելը հիմքը կը հանդիսանայ խմբապետներու առաքելութեան, գործել առանց փողի ու թմբուկի, սակայն գործել ազդեցիկ կերպով:

Հրայր Մարգարեան
Ճոնի Արեւեան
Յասմիկ Մուրատեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեդա Պեշլեան
Վաչէ Նաճարեան
Րաֆֆի Կէօվօղլանեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կ. Գապասագալեան ապա խօսեցաւ Արարատեան կարգին եւ անոր տուչութեան մասին` բացատրելով, որ անիկա սկաուտական կեանքին մէջ բարձրագոյն կարգն է, որ կը տրուի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական «համալսարանին» մէջ: Անոր համաձայն, յատկապէս վերջին քառամեակին տարբեր առիթներով խօսուած է այս կարգին մասին, ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն ժողովներուն անիկա քննարկումի նիւթ դարձած է յատկապէս այն իմաստով, թէ որո՞ւ պէտք է տալ այս կարգը, յատկապէս նկատի ունենալով պարագան անոնց, որոնք դասընթացքի պիտի չհետեւին, որովհետեւ գետնի վրայ աշխատանք չեն տանիր ալ: Այս իմաստով ան նշեց, որ կարելի չէ ըսել, թէ կարգը կը տրուի վաստակաւորներուն միայն, որովհետեւ վաստակաւորներու փաղանգին մէջ մեծ թիւով անհատներ կան, եւ վաստակը կարելի չէ բնորոշել: Ուստի, շարունակեց Կ. Գապասագալեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ճշդեց Արարատեան կարգի յատուկ յուշամետալներ եւ վկայագիրներ յանձնել իբրեւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետ, նաեւ Շրջանային խմբապետ-խմբապետուհի գործած անձերուն: Անոր համաձայն, թէեւ բացայայտ իրողութիւն է, որ սկաուտական կեանքին մէջ յատկապէս սերունդներու պատրաստութեան իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանան, սակայն Արարատեան կարգի տուչութեան պարագային նկատի առնուած է ճշդուած պայմանը:

Կ. Գապասագալեան Արարատեան կարգին մէջ ամփոփուած նկատեց երախտագիտութիւնը սերունդներ կերտած անձերու նկատմամբ, Արարատ լերան խորհուրդը, որ մնայուն ներկայութիւն է հոգիներուն մէջ ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք առանց Արարատը տեսնելու իսկ զայն կենդանի պահած են իրենց էութեան մէջ:

Ապա Կարպիս Գապասագալեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան կատարեցին վկայագիրներու եւ յուշամետալներու յանձնում հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներուն` Յասմիկ Մուրատեան, Ճոնի Արեւեան, Հրայր Մարգարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Վաչէ Նաճարեան եւ Սեդա Պեշլեան:

 

Նախորդը

«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։