Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Գացէ՛ք Յովսէփին, Եւ Ինչ Որ Ըսէ Ձեզի, Ըրէ՛ք…»

March 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, քառասնորդացի չորրորդ կիրակին մակագրուած է «Տնտեսին», որուն մասին ընթերցումը կատարեցինք երրորդ աւետարանիչէն (Ղկ. 16,1-8):

Պղտոր եւ աղտոտ ջուրերուն մէջ «վարպետորդի» լողացող է «անիրաւ տնտեսը», ինչպէս սուրբգրային գիտութեան մէջ կը խարանուի ան, որուն չակերտեալ «իմաստութիւնն» է խորամանկութիւնը եւ «ճարպիկութիւնն» է խարդախութիւնը:

Թէպէտ «անիրաւ տնտեսը» կը թուի ըլլալ հետաքրքրական ու զգայացնցիչ, բայց եւ այնպէս այսօր կը տենչամ պատմել քեզի այլ տնտեսի մը մասին, որ, սակայն, աստուածաշնչեալ հեղինակին վկայութեամբ` «արդար մարդ էր» (Մտթ. 1,19), եւ որուն հասցէին կարելի է կրկնել. «Գացէ՛ք Յովսէփին, եւ ինչ որ ըսէ ձեզի, ըրէ՛ք» (Ծն. 41,55):

Նախ` նիւթի այս փոփոխութիւնը կ՛արդարանայ այսօրուան աւետարանին երկրորդ հատուածին (Ղկ. 16,9-13) մէջ մեր Աստուածային Առակախօսին պահանջած երկու բարեմասնութիւններուն` հաւատարմութեան ու վստահութեան գործադրումով:

Ժամանակներու միակ Մարդաճանաչին իրապաշտ տեսութիւնն է. «Քիչին մէջ հաւատարիմը շատին մէջ ալ հաւատարիմ է: Փոքրին մէջ անհաւատարիմը մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է: Անտեսանելիին մէջ պարտաճանաչը տեսանելիին մէջ ալ պարտաճանաչ է: Անարգուած գործին մէջ բծախնդիրը յարգուած գործին մէջ ալ բծախնդիր է»:

Մարդկութեան միակ Ընկերաբանին անսխալական տեսութիւնն է. «Աստուծոյ քեզի վստահածը, ո՛վ ալ ըլլայ եւ ի՛նչ ալ ըլլայ, պիտի ջանաս գործածել ու տնտեսել քեզի վստահողին իմաստութեամբ եւ կամքին համաձայն»:

Երկրորդ` մարտ 19-ին կատարեցինք տօնը «Սուրբ Յովսէփ Աստուածահայր»-ին, որուն նուիրուած է այս ամբողջ ամիսը:

Երրորդ` վերոյիշեալ երկու առաքինութիւններուն` հաւատարմութեան ու վստահութեան հաւատարիմ, պարտաճանաչ, բծախնդիր եւ վստահելի գործադրութեամբ` Ս. Հայր Յովսէփ հանդիսացաւ «արդար տնտեսը»:

Ճիշդ է, որ միայն Ս. Մատթէոս ու Ս. Ղուկաս աւետարանիչները կը խօսին «Յովսէփ»-ին մասին, եւ այն` թէպէտ շատ քիչ, բայց եւ այնպէս` այնքան սակաւ, որ լիովին կը բաւէ վրձինելու անոր հոգեբարոյական դիմագիծը: Փորձե՛մ:

Ս. Յովսէփ, մարգարէ ու սաղմոսերգու Դաւիթի արքայական ցեղէն, «հիւսն էր», ատաղձագործ, որուն հետ «նշանուած էր Մարիամ Կոյսը»:

Աստուածային երրորդ Անձին ներգործութեամբ` Մարիամի յղացած ու ծնած Որդին «անուանեց Յիսուս»: Մօր եւ Որդիին օրինաւորութեան ու պաշտպանութեան «ի վերուստ» իրեն վստահուած պարտականութեան միշտ հաւատարիմ եւ բծախնդիր` Յովսէփ դարձաւ գլուխը, խնամակալն ու սնուցիչը «Ս. Ընտանիքին»:

«Արդար» բառը, Աստուածաշունչին ու հայ մատենագրութեան մէջ, կը նշանակէ «սուրբ»: «Արդար մարդ» տիտղոսուած նշանածը «Կոյսին», արդարեւ, «սուրբ» էր:

Ս. Յովսէփ արդար էր, որովհետեւ, առաջին հերթին, «չուզեց վարկաբեկել զինք», Մարիամը, որ «յղի գտնուեցաւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ»:

Երբ կը վարկաբեկես ու կը չարախօսես մէկը, արդար չես եւ սուրբ չես կրնար ըլլալ: Ինքնաբերաբար` ո՛չ այդ «մէկը», այլ միայն անձդ կը շպրտես աստուածասիրութեան եւ

եղբայրասիրութեան ծիրէն դուրս: Նոյնիսկ քրիստոսական ու մարդկայնական չես, քանի «հեռու ես Աստուծոյ արքայութենէն» (Մրկ. 12,34):

Ս. Յովսէփ արդար էր, որովհետեւ անմիջապէս «ըրաւ Տիրոջ հրամայածը» եւ անվերապահօրէն ենթարկեց ինքզինք Նախախնամութեան ծրագիրներուն:

Արդար տնտեսին ու մատակարարին բարեմասնութիւններուն, ինչպէս ալ Տիրոջ «սիրոյ առաջնահերթ ու մեծագոյն պատուիրանը» (Ղկ. 10,25-28) գործադրողին եւ Աստուծոյ կամակատարին առաքինութիւններուն դիմաց` այլեւս զարմանալու չենք Ս. Յովսէփի ունեցած մեծ ժողովրդականութեան մասին, սկսեալ արդէն Դ. դարէն, որ ծաղկեցաւ Արեւելքի մէջ մինչեւ Է. դարը եւ ուրկէ անցաւ Արեւմուտք:

Առաւել, հոս չմոռնանք այս երկու սուրբգրային, պատմական եւ եկեղեցակրօնական իրողութիւնները: Առաջին` իր ամենասիրելի ու ամենաթանկագին երկու անձերը Աստուած յանձնեց Ս. Յովսէփին: Երկրորդ` Մարիամ Ս. Կոյսէն ետք, Յիսուսի ամենամօտ անձն էր «Աստուածահայր» վկայեալ ատաղձագործը:

Ս. Յովսէփի տօնը հաստատուեցաւ 1479-ին: Անոր ջերմեռանդութիւնը սիրեցին եւ տարածեցին սուրբեր ու ներհայեցողականներ, ինչպէս «համաքրիստոնէական սուրբեր»-էն` Ս. Թերեզա Աւիլացի (1515-1582) եւ Ս. Փրանսկիսկոս Սալեզ (1567-1622):

Ս. Յովսէփ ներկայ է պարականոնին, աւանդապատումին, մատենագրութեան, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան, ճարտարապետութեան ու տպագրութեան մէջ: Անոր անունին եւ առաքելութեան ձօնուած են հասարակութիւններ, եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ:

Ս. Յովսէփ «Պաշտպան» հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցիին (1870), հայրերուն (1889), գործաւորներուն (1919) եւ ընկերային արդարութեան (1929), ինչպէս ալ` «Մայիս 1-ի Աշխատաւորը» (1955):

«Յովսէփ» եբրայեցերէն բառը, որուն յատուկ անունով ունեցած ենք 144 հայ գործիչներ (Դ.-ԺԹ. դար), կը նշանակէ «յաւելցէ» (Ծն. 30,24), «Աստուած թող աւելցնէ» ու տայ մեզի Ս. Յովսէփի հաւատքը, ընկերսիրութիւնը, հնազանդութիւնն ու լռասիրութիւնը:

Ժամերգութեան համար Սեբաստացի Մխիթար աբբահօր հեղինակած կանոնին «Համբարձի»-ին երկրորդ տունին մէջ կը ծանուցանենք. «Այսօր Կոյս Թագուհին երկնի եւ երկրի զուարճանայ, զի զկոյս փեսայն իւր տեսանէ փառօք առ բազմեալ մերձ իւր ի յերկինս` փառաւորելով զՔրիստոս»:

Վիեննա, Մխիթարեան երէց հայրերը մեզի` երիտասարդ միաբանակիցներուն հինաւուրց աւանդուած այս սլացական աղօթքը փոխանցեցին. «Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ, ձեզի կը յանձնեմ իմ հոգիս»:

 

Այնճար, 23 մարտ 2014

Նախորդը

Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Օգնել Քեսապի Հայութեան

Յաջորդը

Հայագիտական Ուսումը Անհրաժեշտութիւն Է (Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.