Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Ֆրանսայի Յանձնախումբը Ֆրանսացի Խորհրդարանականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Քեսապի Բնակչութիւնը

March 28, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը 26 մարտին նամակներ յղեց ֆրանսական խորհրդարանի բոլոր անդամներուն եւ ծերակուտականներուն` դիմելու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի վերջինս միջամտէ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար: Վկայակոչելով Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի պաշտօնական կայքը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը  կը պահանջէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական իշխանութիւններուն ստիպէ անյապաղ վերջ տալ Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն, եւ սուրիական ապստամբներուն` շրջանէն անյապաղ դուրս հանել Ժիհատական զօրքերը: «Մենք կը ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ներկայիս սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող լուրջ իրադարձութիւններուն վրայ: 22 մարտէն սկսեալ, երբ Ժապհաթ Նուսրայի ժիհատական խումբերը, ստանալով Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ յարձակեցան այս գիւղաքաղաքին վրայ, որուն բնակչութեան 90 տոկոսը հայեր են: Սուրիոյ հիւսիսը տեղակայուած այս աւանը տուն է շրջանի վերջին հայկական համայնքներէն մէկուն», կ՛ըսուի ֆրանսացի օրէնսդիրներուն ուղղուած նամակին մէջ:

Կոչ կ՛ուղղուի պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որոնք պատասխանատու են այս բռնութիւններուն համար, որոնք ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս ցեղային զտումներ են` միտուած վերացնելու հայկական եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Հայկական հարցի պաշտպանները կը նկատեն, որ յարձակումները պատահական չեն եւ յատուկ ենթահող ունին, քանի որ աշխարհը կը պատրաստուի ոգեկոչել 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Իրադարձութիւններուն Առիթով. Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ ՄԱԿ-ի Անտարբերութեան

Յաջորդը

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ. Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցին Տեղեկատուութիւնը

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։