Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թորոնթոյի Մէջ Կայացած ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Զօրակցական Նուիրահաւաքին Գոյացաւ 76,600 Տոլար

March 20, 2014
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 14-ին Թորոնթոյի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հանգանակային ձեռնարկներու շարքին երրորդը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ դատի աւելի քան 150 զօրակիցներ:

Խաժակ Գուլաճեան
Խաժակ Գուլաճեան

Երեկոն վարեց տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան, որ նախ հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ «Հայ դատ» հասկացողութեան մասին, ինչպէս նաեւ պատմական ակնարկ մը` Հայ դատի յանձնախումբերու կազմութեան, նշելով, որ Հայ դատի քաղաքական-քարոզչական գործունէութեան մեծ բաժինը Հայ դատի գրասենեակները կ՛իրականացնեն եւ այդ գրասենեակներու նիւթական պիւտճէները կը հաւասարակշռուին նուիրատուութիւններով:

Գուլաճեան աւելցուց, որ նուիրատուութիւնները չափանիշ են քանատահայութեան յարգանքին եւ վստահութեան` Հայ դատի աշխատանքներուն նկատմամբ. հայ ժողովուրդը իր գնահատանքը կ’արտայայտէ իր նուիրատուութեամբ:

Րաֆֆի Տօնապետեան
Րաֆֆի Տօնապետեան

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վազրիկ Շարապխանեան, որ սահիկներով ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքները: Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, որ սահիկներու օգտագործումով, համապարփակ ձեւով ներկայացուց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին անցեալի եւ ներկայի գործունէութիւնը ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը: Տօնապետեան շեշտեց, որ յանձնախումբին գործունէութեան գլխաւոր կիզակէտերն են` հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ քանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ դատի գծով քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքները ամփոփող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան զեկուցեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն մասին:

 Յակոբ Տէր Խաչատուրեան,
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան,

Վերջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին` յայտնելով, թէ ներկայ հանգրուանին, 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է:

Ձեռնարկի աւարտին տոքթ. Գուլաճեան յայտարարեց, թէ նուիրահաւաքի հանդիսութեան ընթացքին նուիրատուներէն գոյացած գումարը հասած է 76 հազար տոլարի: Գուլաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ցուցաբերեցին եւ կը ցուցաբերեն անվերապահ ներդրում` նիւթապէս եւ բարոյապէս, սատար կանգնելով Հայ դատի գործունէութեան, նշելով, որ` «Կը մնանք վճռական` շարունակելու մեր ուղին, մեր կողքին ունենալով ձեր նման բարեկամներու փաղանգը»:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ոտքի Խնամք Եւ Ոտքի Առողջապահութիւն

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.