Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԼՈՒՌ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԵԱԿԼԱՆՏ

June 29, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թորպիոռն Եակլանտ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ գերմանական «Տէօչ Թիւրքիշը Նախրիխթըն» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ կարելի է ըսել, թէ Թուրքիոյ մէջ լուռ յեղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Եակլանտ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ներքաղաքական իրավիճակին, իրականացուող փոփոխութիւններուն, լրագրողներու ձերբակալութեան դէպքերուն եւ քրտական հարցին:

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու հոլովոյթը կարեւոր նկատելով եւ յիշեցնելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` նոր սահմանադրութիւն մշակելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը, Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ըսած է. «Եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ ունենալ այնպիսի ժողովրդավարութիւն, ինչպիսին Եւրոպայի մէջ կայ, ստիպուած է կռնակ դարձնելու կառավարման հին կառոյցներուն® Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ լուռ յեղափոխութիւն»:

Եակլանտ ընդգծած է, որ Թուրքիա սկսած է աստիճանաբար հրաժեշտ տալ անցեալին, եւ նախկին իշխանութիւններուն բաղդատմամբ Էրտողանի գլխաւորած կառավարութիւնը կրցած է աւելի մեծաթիւ հարցերու մէջ յաջողութիւն արձանագրել: «Թուրքիոյ մէջ առայժմ գոյութիւն ունին քրտական հարցին առնչութեամբ խնդիրներ: Սակայն նիւթին առնչութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութիւնը անցեալին համեմատ կրցած է աւելի շատ բան ընել, աւելի շատ յաջողութիւններու հասնիլ», ըսած է ան` յոյս յայտնելով, որ հետագային նոյնպէս այդ ուղղութեամբ քայլեր իրականացուին:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւններուն` Եակլանտ նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակը կ՛անհանգստացնէ Եւրոպան:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ 6 ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԹԱԼԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՈՎ ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐ ԿԸ ԽՄՑՆԵՆ» ԿԸ ԳՐԷ «ՍԱՆՏԷՅ ԹԱՅՄԶ»

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։