Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով. Զրոյց Ուսուցիչի Մը Հետ

March 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

9 մարտ 2014: Ուսուցիչները մէկ օր արձակուրդ ունին: Բարեկամ ուսուցիչ մը կը շնորհաւորեմ  եւ կը մաղթեմ յաջողութիւն: Քոլեճի վերջին դասարաններու գիտութեան եւ ուսողութեան դասատու է:

Զինք շնորհաւորելէ ետք խօսքին կատակը միացնելով` ըսի.

– Աշակերտներէն ի՞նչ նուէր ստացաք…

– Ոչինչ, վերի կարգերու ուսուցիչները նուէր չեն ստանար: Միայն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչները: Միջնակարգի եւ աւարտական դասարաններու աշակերտները մեծցած են, կ՛ամչնան:

Նուէր տալը մանուկներու կը վերաբերի կ՛ըսեն: Բայց լաւ եղաւ, որ այս հարցումը կէս կատակ-կէս շիտակ ուղղեցիք ինծի: Պէտք է ըսեմ, որ արդար վերաբերում մը չէ այս ծնողներուն կողմէ: Այս կ՛ըսեմ թէ ի՛մ նուէր չստանալուս համար, ուրախ եմ, որ նուէր չեմ ստանար, այլ բուն պատճառը այն է, որ կողմնակալութեան, ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան մէջ անբնական կապ մը կը հաստատուի: Հարցը կը հասնի այն աստիճանի, որ նուէր ստացող ուսուցիչը այդ աշակերտին նկատմամբ նպաստաւոր տրամադրութիւն մը կ՛ունենայ ստիպողաբար:

Այս սովորութիւնը կարգ մը վարժարաններ վերցուցած են: Շատ լաւ ըրած են, որպէսզի աշակերտներուն միջեւ նախանձի չքաւորի-հարուստի հարց չծագի: Ծնողք մը կրնայ սուղ արժէքով նուէր մը տալ ուսուցչուհիին, չունեւոր ծնողքը կարողութիւն չունին, զաւակը ինքզինք անտեսուած կը նկատէ, հոգեկան խռովք կ՛ապրի: Միւս կողմէ միտքերու մէջ կը գոյանայ խորհրդածութիւն մը, թէ ուսուցչուհին «լաւ աչքով» պիտի նայի այն աշակերտին, որմէ լաւ նուէր մը ստացած է, թէ` ծաղիկ մը ստանալով չէ գոհացած: Ծաղիկը, որ ինքնին գեղեցիկին, բարիին-ազնիւին եւ մանաւանդ սիրոյ Խորհուրդ կը փոխանցէ, նկատի չ՛առնուիր: Երկմտութիւն, արհամարհուած ըլլալու կասկածի տրամադրութիւն կ՛ունենայ այն աշակերտը, որ չէ կարողացած յարմար նուէր մը ընծայել, իսկ միւս մանուկ կամ պատանի աշակերտը, որ կարողացած է պարծենալով արժէքաւոր նուէր մը ընծայած ըլլալ, ինքզինք պիտի նկատէ բարձր դասակարգի զաւակ, իսկ միւս խեղճուկը, կ՛ունենայ նուաստացած ըլլալու տրամադրութիւն: Ես իմ ուսուցչական տարիներու ասպարէզիս մէջ նկատած եմ այս ամէնը եւ սրտի ճմլում ունեցած եմ: Ըսեմ նաեւ, որ ես ալ զաւակներ ունիմ տակաւին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին դասարանի աշակերտ, մենք ալ մտանք այս «խաղին» մէջ: Ես ուսուցիչ մը ըլլալով սիրով 100 տոլար տրամադրեցի: Ես ունէի այնքան գումար, վճարեցի: Բայց դպրոցին մէջ տիրող անցուդարձը զիս յուզեց եւ մտահոգեց: Ականատես եղայ տագնապին այն մայրերուն, որոնք մտահոգուած իրարու կը հարցնէին.

– Ի՞նչ նուէր տամ արդեօք, ուսուցիչներու տօնը մօտեցաւ:

Տեսայ նաեւ տխուր աշակերտներ, որոնք ոչինչ կրցան նուիրել իրենց օրիորդներուն…:

Տեսած եմ նաեւ մայրեր, որոնք սուղ գինով անուշահոտ նուիրած են: Մայր մըն ալ սուղնոց լուսանկարչական գործիք մը, ուրիշ մը` բջիջային կազմած մը: Եթէ ուսուցիչը յարգելու, պատուելու հարց մը կայ, այդ պէտք է ըլլայ կողմնակի, առանց հրապարակաւ, ուսուցիչը հրաւիրելով տեղ մը, կամ ուսուցչական կազմը յարգելու նոր ձեւ մը որոնէ, առանց ցուցամոլութեան, յարգանքը առանց մեծամտութիւն խառնելու:

Կարճ խօսքով ըսեմ, որ ուսուցիչներու օրը կը վերածուի մրցակցութեան օրուան:

Երբ ծաղիկ մը արժէք չունենար եւ նիւթով կը բացատրուի… Ուսուցիչը կը յարգուի, երբ կ՛ունենայ հոգեկան գոհունակութիւն իր աշակերտին դաստիարակուած ըլլալը հաստատելով, եւ իր փոխանցած դասերը արդիւնաւորուին տիպար աշակերտներու ներկայութեամբ»:

Քաղքենիութեան պատկեր մը կը պարզուի նուէր փոխանցելու արարքին մէջ: Մաղթենք որ ուսուցիչներ յարգուին իրենց արդար վաստակը ստանալով:

Լսեցինք այս վաստակաշատ ուսուցիչին խօսքերը, որոնք անկեղծ արտայայտութիւններ էին: Յուսանք, որ մեր կրթական հաստատութիւնները նկատի կ՛առնեն այս իրողութիւնը, այս տեսակէտը:

 

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

Յաջորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» Սրահին Մէջ. Հայ Աշուղական Երգերու Ունկնդրութեան Աննախընթաց Երեկոյ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։