Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Զեքի Ետալեան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Խորհրդարանին` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

March 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

small-Picture-Levon-ZakiՍուրիոյ Առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի, Հալէպի Առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Արաբ-պելճիքական (եւրոպական) վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ կոչ ուղղեց Սուրիոյ խորհրդարանին` ընդառաջելու իրաւունքի կոչին, ինչպէս նաեւ գիտակցելով իր ազգային անշեղ սկզբունքներուն եւ պատմական կեցուածքներուն` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն հրէշային հանգրուանները գործուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախահայրերուն ձեռամբ, եւ որուն զոհ գացած են մէկուկէս միլիոն հայեր, 20-րդ դարու սկիզբը:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը անյապաղ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ արդէն իսկ ճանչցուած է Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ պէտք է մղէ, որ Եգիպտոսի խորհրդարանը իր կարգին ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի մէջ այս մասին որոշ նշոյլներ արձանագրուեցան:

Հոս հարկ է նշել, որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ Էրտողանի գործած արարքները կարելի չէ համեմատել եգիպտացիներուն հաշուոյն գործուած թրքական ահաբեկչութեան, ոճիրներուն, տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներուն քանդումին, ինչպէս նաեւ` անոր գործարաններուն գողութեան հետ:

Ետալեան նշեց, որ ամերիկեան եւ եւրոպական աւելի քան 20 խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն, մինչ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները, որոնցմէ գլխաւորը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը,  շարունակած են ուրացման քաղաքականութիւնը եւ ժխտած` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որ մարդկութեան ճակտին դրոշմուած է:

Ան ընդգծեց, որ թուրք ժողովուրդը բարեկամ է հայ ժողովուրդին, նկատի ունենալով, որ անոնք միասին գոյակցած են աւելի քան չորս դար եւ ոչ մէկ արգելք կայ, որ անոնք դարձեալ հաշտութիւն գոյացնեն, եթէ  Թուրքիա ճանչնայ իր ջարդարարներուն  ճակատներուն ամօթի կնիք մը նկատուող Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ետալեան մաղթեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը Սուրիոյ խորհրդարանին առաջարկուելու պարագային, սուրիացի երեսփոխանները ճանչնան զայն` իբրեւ պատմական իրաւունք սուրիահայութեան, որ կարեւոր մէկ շերտն է անարդարութիւնն ու սպանդները մերժող սուրիական ընկերութեան:

Ետալեան դրուատեց սուրիացիներուն դերակատարութիւնը` հայ ժողովուրդը հիւրընկալելու եւ անոր վէրքերը ամոքելու եւ սփոփելու առումով: «Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կեցուածքները, ինչպէս նաեւ կը հպարտանանք սուրիական մեր ինքնութեամբ եւ մեզի սիրելի Սուրիայով: Կը հաստատենք, որ Սուրիոյ հողերէն մեզի հեռացնելու թրքական բոլոր փորձերն ու դաւադրութիւնները պիտի ձախողին, որովհետեւ Սուրիոյ հողերը նաեւ մեր հողերն են եւ մեզի դէմ գործուած բռնագաղթի, ոճիրներու եւ վայրագութեան քաղաքականութիւնները յօդս պիտի ցնդին», շեշտեց ան:

Ետալեան պահանջեց նաեւ օգտուիլ թրքական հանրային կարծիքէն, թուրք այլախոհներէն, որոնք կը զօրակցին հայկական իրաւունքներուն եւ կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ գործուած է Ճեմալ փաշային կողմէ, 1915-ին, արաբ ազատականները ոճիրի ենթարկելու զուգահեռ:

«Անկարելի է այլեւս ընդունիլ, որ համաշխարհային կարծիքը եւ յատկապէս թրքական հանրային կարծիքը շեղեն իրականութենէն: Բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ կը մերժեն Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն իրենց կառավարութիւններուն` փախուստ չտալու իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ: Ամբողջ աշխարհի խորհրդարանները, որոնց շարքին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանը օրինական բոլոր միջոցառումներուն պէտք է դիմեն` ճանչնալու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ապագային արգիլելու համար անոր կրկնութիւնը», եզրափակեց Ետալեան:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Անսասա՛ն Հաւատարմութեամբ…

Յաջորդը

«Ոսկէ Մետալակիրը» Կրքեր Է Բորբոքոմ Հայաստանում Եւ Ազրպէյճանում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.