
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ յաջորդաբար ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմը, որոնց հետ քննարկեց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական թղթածրարները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սենտիքայական հարցեր:


