Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղին. «Կարապալա» Խումբի Յատուկ Համերգ` Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Համար

February 22, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabala1_21022014-fԿազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին,  «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն համար յատուկ համերգ մը` կատարողութեամբ «Կարապալա» խումբին:

Համերգին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններէն եկած 500 աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ:

garabala_21022014Համազգայինի անունով յայտագիրին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնեշեան, որ բարի գալուստ եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթելէ ետք աշակերտներուն, իր արտասանած բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երկու բարձունքներուն վրայ` լեզուն եւ մշակոյթը, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրցած է գոյատեւել: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթի դերակատարութեան կարեւորութեան` Գառնեշեան պատմական տուեալներով ներկայացուց Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակն ու գործունէութիւնը, մանաւանդ ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդներուն դաստիարակութեան եւ կազմաւորման հանգրուանին: Ան ներկայացուց Համազգայինի Լիբանանի գործունէութիւնն ու կառոյցը եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն միանալու Համազգայինի 1500 աշակերտներէ կազմուած շարքերուն, որոնք կը ստանան երաժշտութեան, երգի, պարի, թատրոնի, քանդակագործութեան եւ այլ մշակութային կրթութիւն, որպէսզի ի վերջոյ, «Կարապալա» խումբին օրինակով, զարգացնելով հայկական երաժշտութիւնը, կառչած մնան անոր եւ պահպանեն զայն:

Գառնեշեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց «Կարապալա» խումբին անդամները` Ալին Նաքքաշեանը, Հրակ Գարագաշեանը, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանը, Արամ Փափազեանը եւ Սեպուհ Այնթապլեանը որոնք հայկական վարժարաններէ եկած աշակերտութեան հրամցուցին «Հէյ ճան Երեւան», «Պատանիներու պար», «Եասաման». «Մոկաց հարսներ», «Հազար նազով եար», «Իմիք Սիմիք», «Զինուորի երգը», «Սա Երեւանն է», «Շողոտ Շաղոտ» եւ «Հապըրպան» երգերը:

 

Նախորդը

Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի Նուէրը «Ազդակ»-ին

Յաջորդը

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. «Արեան Գերճնշում Եւ Սրտի Զարկերու Արագութիւն» Նիւթով Դասախօսական Երեկոյ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։