Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հատուածներ` Ճեմարանի 1987-1988 Տարեշրջանի Տեղեկագիրէն

February 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

jemaran-25amiagՏարիներու երազը իրականութեան վերածուած է:

Կառուցուած է, իր կարեւորագոյն մասով, Համազգայինի Մզհերի կրթական-մշակութային համալիրի թիւ 1 շէնքը: Անցնող տարեշրջանին այնտեղ գործեցին արդէն Արեւելեան Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները:

Թիւ 1 շէնքին կից, օրէ օր կը բարձրանայ անոր լրացուցիչ բաժինը` որ պիտի պարփակէ յաւելեալ 10 դասասրահներ, գիտաշխատանոցները, բազմանպատակ (polyvalent) սրահներ եւ փակ մարզավայրը:

***

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններ
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններ

Կրթական մշակութային համալիրի կառուցման որոշումը փաստօրէն տրուած էր 1973-1974 երջանկայիշատակ տարեշրջանին, երբ Պէյրութի Մայր Հաստատութիւնը արդէն իսկ նեղ կու գար Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շուրջ 1000 աշակերտներուն համար եւ դպրոցական երկրորդ կեդրոնի մը կարիքը սուր կերպով կը զգացուէր: Այդ օրերուն էր, որ քաջալերուած մանաւանդ ողբացեալ Մելանքթոն Արսլանեանի մեծագումար նուիրատուութեան խոստումէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, կարեւոր պարտքերու տակ մտնելով, կրցաւ գնել Մզհերի հողաշերտը` 46,000 քառ. մեթր տարածութեամբ, այնտեղ ժամանակի ընթացքին բարձրացնելու համար նոր Ճեմարանի շէնքերը` սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան պատիւ բերելու կոչուած կրթական-մշակութային համալիր մը:

Որպէսզի Ճեմարանն ու Հայագիտական Հիմնարկը շարունակէին գործել ըստ առաջնոյն` Հայ սփիւռքին հայթայթելու համար որակաւոր մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, հասարակական գործիչներ եւ մշակոյթի մարդիկ, անհրաժեշտ էր անոնց տալ այդ առաքելութիւնը պատուով կատարելու ֆիզիքական եւ գործնական հնարաւորութիւնները: Այլ խօսքով, ա՛լ ժամանակն էր, որ Համազգայինի կրթական-մշակութային համալիրը մարմին առնէր:

Ա՛յս եղաւ տրամաբանելու մեր եղանակը առջի ամառ, եւ մենք ձեռնարկեցինք գործի:

Լծուեցանք գործի, տնտեսական տեսակէտէն թերեւս Լիբանանի համար ամէնէն անյաջող ժամանակաշրջանին: Բայց լծուեցանք այն հաստատ համոզումով` որ մեր ժողովուրդը, Լիբանանի մէջ թէ Լիբանանէն դուրս, անգամ մը եւս ամբողջապէս զօրավիգ պիտի կանգնէր մեզի` ազգային-մշակութային տեսակէտէ էապէս կարեւոր այս նախաձեռնութեան մէջ: Գործի անցանք համոզումով, բայց մանաւանդ հաւատքով ու վճռականութեամբ: Ոմանք թերեւս անժամանակ նկատեցին մեր այս քայլը ու թերահաւատութիւն ցուցաբերեցին անոր նկատմամբ: Բայց քանի առաջադրանքը հիմնական էր եւ անյետաձգելի, մեր որոշումը եղաւ վերջնական ու վճիռը` անդառնալի:

Եւ այսօր, անհուն ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեզի համար` կենդանի արդիւնքը տեսնել Համազգայինի այդ յանդուգն, այլ անհրաժեշտ նախաձեռնութեան: Տեսնել, Անթիլիասի բարձունքին, Ծաղկաձորի բլուրներէն մէկուն վրայ, իր մեծագոյն մասով լրիւ աւարտած` նոր Ճեմարանի միջնակարգ-երկրորդական բաժիններու շէնքը, եւ անոր կողքին` մնացեալ մասի շինարարական տախտակամածները, եւ տակաւին, անոնց դիմաց, աւելի բարձր բլրակի մը վրայ, մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները:

Ի՛նչ խօսք, սակայն, որ եթէ մենք, մեր առաջադրանքներու իրագործման մէջ, կրցանք այս յաջողութիւնը արձանագրել, ատիկա եղաւ` շնորհիւ Ճեմարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անվերապահ եւ անսակարկ քաջալերանքին, բարոյական թէ նիւթական գետնի վրայ: Շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախկին ճեմարանականներու անդուլ ճիգերուն եւ բարեկամ  կազմակերպութիւններու թէ անհատներու օժանդակութիւններուն: Շնորհիւ ազնուական օտարուհիի մը` Մէյրի Նորսիկեանի, որ տասնամեակներ առաջ մահացած իր հայ ու Ճեմարանի բարեկամ ամուսնոյն յիշատակը յարգած ըլլալու համար` կարեւոր գումար մը կտակած էր մեզի: Շնորհիւ ողբացեալ Հրաչ Դարբինեանի յատկացումներուն եւ կտակին: Շնորհիւ տակաւին` Քուէյթի, Ծոցի երկիրներու եւ Սէուտական Արաբիոյ մեր ընկերներու եւ բարեկամներու կարեւոր նուիրատուութիւններուն: Բայց նաեւ, ու մանաւա՛նդ, շնորհիւ լիբանանահայութեան ցուցաբերած ազնուական խրախուսանքին, որ իր արտայայտութիւնը գտած է համալիրի կառուցման ցարդ յատկացուած աւելի քան 60 միլիոն լիբանանեան ոսկիով, տնտեսական այն աննպաստ ու դժուարին պայմաններուն մէջ` որոնք ծանօթ են բոլորին: Իրենց արժանավայել այս կեցուածքով, Համազգայինի Լիբանանի բարեկամները ցոյց տուին բոլորին` ո՛չ միայն իրենց վստահութիւնը լիբանանեան հայրենիքի վերականգնումին նկատմամբ, այլեւ, ու մանաւանդ, իրենց անխառն համոզումը Ճեմարանի դերին, մարդակերտման ու հայակերտման անոր առաքելութեան վերաբերմամբ: Երախտագիտութեան եւ հպարտանքի խոր զգացումներով է, որ մեր խօսքը կ՛ուղղենք հեռու թէ մօտի, անցեալ, ներկայ թէ ապագայ մեր բոլո՛ր նուիրատուներուն, ըսելու համար սրտանց` «Վարձքերնիդ կատա՛ր»:

Լիբանանի այս օրհնեալ ափերուն, Մզհեր-Ծաղկաձորի գեղատեսիլ բլուրներուն ու լանջերուն վրայ, հայեցի կրթութիւն եւ մշակոյթ ճառագայթելու կոչուած փոքրիկ Հայաստանի մը կերտումին է որ կը նպաստեն:

Այդ փոքրիկ Հայաստանի կերտումին իրենց սիրայօժար եւ կամաւոր մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ճեմարանի, եւ յատկապէս անոր միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները: 1987-ի ամբողջ ամրան ընթացքին, գրեթէ ամէն օր, քանի մը տասնեակ աշակերտներ կը բարձրանային Մզհեր` իրենց դպրոցի կառուցման բերելու աշխատանքի եւ քրտինքի իրենց բաժինը: Աղիւս կրել, աւարտած բաժինները մաքրել, տախտակ փոխադրել, հողը կամ պեթոնը ջրել, եւ այլն: Աւելորդ է նշել, թէ մեզի համար բարոյական ի՛նչ մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ սեփական տան ստեղծման ընծայուած գործնական այդ օժանդակութիւնը` ըստ էութեան թերեւս համեստ: Այսօր, նոր Ճեմարանի կերտումին մասին խօսելով, մենք հպարտութեա՛մբ կրնանք ըսել` «Վարձքը կատար նաեւ մե՛ր աշակերտներուն»:

Նախորդը

Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Խօսքը` Ճեմարանի Հիմնարկէքին Առիթով

Յաջորդը

25-Ամեակ Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։