Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Ասմունքով Եւ Երգով Սիրերգութեան Իւրայատուկ Երեկոյ` Տեառնընդառաջի Եւ Ս. Սարգիսի Տօներուն Առիթով

February 14, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamԿազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Տեառնընդառաջի եւ սիրոյ ու երիտասարդութեան խորհրդանիշ Ս. Սարգիսի զօրավարի տօներուն առիթով երէկ` հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմենեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սիրերգութեան երեկոյ» մը, որուն ընթացքին ասմունքի, երգի եւ երաժշտութեան ընդմէջէն ներկաները ապրեցան սիրոյ եւ գեղեցկութեան քնարային երեկոյ մը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց տօնին կարեւորութիւնը` հարց տալով, որ երբ ունինք Ս. Սարգիս զօրավարի սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնը, ինչո՞ւ հետեւինք օտար Սեն վելընթայններու տօներուն: Ան ընդգծեց սիրոյ կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ` նշելով, որ սէրը կ՛ազնուացնէ հոգին: Ներկայացնելով օրուան հիւր ասմունքող Իրմա Տէտէեանը` Կիրակոսեան կարեւոր նկատեց անոր շունչին տակ հասաւ նետող նոր սերունդին մասնակցութիւնը այսպիսի յայտագիրներու` շեշտելով, որ այդ սերունդին անդամները ապագային պիտի դառնան մէկական զինուորներ հայոց լեցուի պահպանման դժուարին գործին մէջ:

ham1Յայտագիրին առաջին բաժինը սկսաւ Յասմիկ Պերթիզլեանի երգով. ան մեկնաբանեց «Առաջին սիրոյ երգը» եւ «Էվըր կրին» երգերը:

Ապա Վահան Տէրեանի մէկ քերթուածէն հատուած մը կարդաց Արի Կարպուշեան, իսկ Արզնի Արսլանեան կարդաց Սիլվա Կապուտիկեանի «Երգ երգոց»-ը:

Մարիա Գալֆայեան հանդէս եկաւ «Ասում են թէ մոռացել ես» երգով, ապա յաջորդաբար Յակոբ Թաշճեան եւ Կայա Գարամանուկեան երգեցին Գէորգ Էմինի, Վահագն Դաւթեանի եւ Համօ Սահեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, իսկ Նարօտ Մոմճեան կարդաց Յովհաննէս Շիրազի եւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն:

Այնուհետեւ Մարիա Գալֆայեան մեկնաբանեց «Տլէ եաման»-ը, իսկ Սագօ Եագուպեան կարդաց Եղիշէ Չարենցի «Ծիածան»-ը, Յովիկ Թաֆրանեան «Առաջին սիրոյ երգը» մեկնաբանեց` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Հալաճեանի:

Առաջին բաժինի վէրջաւորութեան Արին Թաշճեան կարդաց Ալիսիա Կիրակոսեանի գործերէն, ինչպէս նաեւ Պարոյր Սեւակի «Նամակ»-էն կտոր մը:

Կիթառով ելոյթ ունեցաւ Եսայի Սգայեան:

Իրմա Տէտէեան
Իրմա Տէտէեան

Իրմա Տէտէեան երեկոյի ընթացքին մերթ ընդ մերթ իր քնարային ոճով կախարդեց ներկաները եւ սիրոյ բանաստեղծութիւններ ներկայացնելով իր գագաթնակէտին հասցուց ներկաներուն մտային թռիչքը: Ան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Դու» եւ «Նամակ», Վահան Թէքէեանի «Քու յիշատակը այս գիշեր», Ռուբէն Սեւակի «Նամակ», Ռամզիկ Դաւոյեանի «Բաց քո կեղեւը ծառ», եւ վերջապէս` Զահրատի «Երկու հատ մոմ» քերթուածները:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինով ընթերցումներ կատարեցին Սերուժ Յովսէփեան` Վահան Թէքէեանի «Անունդ» քերթուածը, Վանայ Ճենանեան` Վահրամ Մաւեանի «Յանկերգ սիրոյ եւ տրտմութեան» քերթուածը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան` Զարեհ Մելքոնեանի «Երկու գիծեր» բանաստեղծութիւնը:

«Երգ-երգոց» երգի մրցանքի մրցանակակիր Ալիս Իփրաճեան աշուղական համարժէք ձայնով ներկայացուց Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն` առաւել եւս ներշնչելով ներկաները, որմէ ետք Սիլվա Քիւրքճեան կարդաց Զարեհ Խրախունիի «Կաթիլներ»-ը, իսկ Սարգիս Կիրակոսեան եւ Խաչիկ Տէտէեան իրենց քերթուածներէն հաստուածներ կարդացին:

Երեկոն եզրափակուեցաւ Ալիս Իփրաճեանի կողմէ «Ամպից կորաւ լուսնկան» երգին մեկնաբանութեամբ:

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.