Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ գագաթի ճակատումը, որ աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ, մեծապէս գոհ ձգեց Չելսին, որ մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ:
Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, Մանչեսթըր Սիթի-Սանտըրլենտ եւ Էվըրթըն – Քրիսթալ Փալաս մրցումները յետաձգուեցան:
Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմին, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին Սթիւըն Ժերար փենալթիով նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Համպուրկը` վերջինիս դաշտին վրայ կատարուած մրցումին: Մարիօ Մանտզուքիչ հեթրիք մը իրագործեց:


