Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խօսքի Ազատութիւնը Կը Չարաշահուի Եւ Կ՛աղաւաղուի

February 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Freedom-of-SpeechՄարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ դատական հարցով արձակած տխրահռչակ վճիռը մեզ մղեց մտածելու խօսքի ազատութեան իրաւունքին մասին:

Դանիացի իմաստասէր Սորեն Քիրքեկաարտ կը յայտնէ, որ «մարդիկ խօսքի ազատութիւն կը պահանջեն փոխհատուցելու համար մտքի ազատութիւնը, զոր հազուադէպ կերպով կ՛օգտագործեն»: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու անտեղի նախանձախնդրութենէն կուրցած չնկատեց, որ այստեղ խորքին մէջ խնդրոյ առարկան Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը չէ, այլ` մտքի ազատութիւնը, որմէ զրկուած անձ մըն է ան: Փերինչեք կը կրկնէ իր պետութեան ժխտողական կեցուածքը` պատմական իրողութեանց նենգափոխումը, որ թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ թուրք իրերայաջորդ սերունդներուն կը փոխանցուի իբրեւ ճշմարտութիւն, եւ անհրաժեշտ է Փերինչեքի եւ թրքական հասարակութեան մտքի ազատութիւնը պաշտպանել` նոյնիսկ հակառակ անոնց կամքին:

Ներկայ ժամանակներու ամէնէն չարաշահուած իրաւունքներէն մէկն է խօսքի ազատութիւնը: 30 սեպտեմբեր 2005-ին, Դանիոյ թերթերէն մէկուն մէջ լոյս տեսաւ Մոհամետ մարգարէի մէկ ծաղրանկարը: Փորձ կատարուեցաւ այդ արարքը արդարացնելու խօսքի ազատութեան իրաւունքով: Նոյն առարկութիւնը օգտագործուեցաւ 1 նոյեմբեր 2011-ին, Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներով լոյս տեսած ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» պարբերաթերթի մէկ թիւին հարցին մէջ:

Թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելով Զուիցերիոյ «Ցեղային խտրականութեան մասին» օրէնքը խախտած Փերինչեքի եւ թէ՛ Մոհամետ մարգարէի վարկաբեկման վերոնշեալ երկու պարագաներուն խօսքի ազատութեան իրաւունքի չարաշահում գոյութիւն ունի, որովհետեւ Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագիրի 19-րդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, որ «խօսքի ազատութեան իրաւունքը իր մէջ կը պարունակէ «յատուկ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ», «ուստի կրնայ որոշ սահմանափակումներու ենթակայ ըլլալ անհրաժեշտութեան պարագային յարգելու համար ուրիշներու իրաւունքներն ու վարկը», կամ «ազգային ապահովութեան, հասարակական կարգ ու կանոնի, հասարակական առողջութեան կամ բարոյականութեան պաշտպանութեան համար»: Ասոր լոյսին տակ, դատարաններուն պարտականութիւնը յստակ է` իրենց «յատուկ պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն» տէր կանգնումին մէջ թերացողները կարգի հրաւիրել, որպէսզի ուրիշներու չար օրինակ չըլլան: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը իր այս վճիռով (եւ օգտագործած հիմնաւորումներով) ժխտողականութիւնը քաջալերեց:

Ի վերջոյ պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ անհատի մը իրաւունքներուն սահմանը կ՛աւարտի հոն, ուր այլ անհատի մը իրաւունքները կը սկսին: Այս սկզբունքը արդէն կը կիրարկուի քաղաքակրթուած երկիրներուն մէջ. երբ անձ մը իր ձայնասփիւռը պէտք եղածէն աւելի բարձր մտիկ ընէ` խանգարելով իր դրացիներուն հանգիստը, ոստիկանութիւնը զինք կարգի կը հրաւիրէ: Այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ մարդկային յարաբերութեանց մէջ իրաւունքին վերաբերող բոլոր օրէնսդրութիւնները եւ առհասարակ քաղաքակիրթ մարդոց յարաբերութեանց մէջ բացարձակ սկզբունք մըն է: Ի վերջոյ Քրիստոս եւս նոյնը չթելադրե՞ց. «Ինչ որ կ՛ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցմունքները» (Մատթէոս 7:12):

 

 

 

Նախորդը

100-ամեակի Նշման Գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչները Կը Խորհրդակցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետին Եւ Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Պայքարիլ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.