Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկական Գրականութիւն. Մեծ Հայրիկին Նուէրը

February 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

VeraՄանկական թէ մանկապատանեկան գրականութեամբ ընթերցանութեան սէր արծարծելու հարցը վերջին տարիներուն գտած է լուծման ճամբան: Այս նուիրումը կը պարտինք մեր երիտասարդ սերունդի մանկավարժներուն, մանկական գրականութեան ջահակիրներուն: Մեր հրատարակչատուները յաճախ լոյս կ՛ընծայեն մանուկներու յատուկ գիրքեր, գրքոյկներ, ալպոմներ, որոնցմով կ՛առաջնորդուին նորածիլ մեր զաւակները:

Մեր մանկավարժները հետամուտ են նոր օրերու հրատարակութիւններուն, կը ջանան ձգտիլ լաւագոյնին, երբ բաղդատականի դրուին մերինը եւ օտարինը, մանաւանդ` արեւմտեան հրատարակութիւնները:

2013 տարուան վերջին ամիսներուն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ մանկավարժ եւ մանկագիր Վերա Աբովեան-Սիսեռեանի մէկ նոր ստեղծագործութիւնը` «Մեծ հայրիկին նուէրը», Կաղանդի` Ամանորի իբրեւ նուէր թեմայով: Մանուկներու բառամթերքը գոհացնող լեզուով պատմութիւն մըն է, հաճելի` մանուկներու հոգեբանութեան: Նկարազարդումը` այնքան ակնահաճոյ եւ սրտամօտ, կատարած է Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան: Մանուկներու համար կրնանք ըսել, թէ գրութիւնը կ՛արժեւորուի նկարներով: Այս գրքոյկով գեղանկարչուհի Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան ստեղծագործած է ջինջ ու յստակ պատկերացումով, հաղորդական եւ գեղատեսիլ նկարներ: Կնոջական, մայրական նուրբ զգացումներու արտայայտութիւնը կը տեսնենք հոն, մեծերս, հապա՞ մանուկները որքան պիտի հրճուին, ապա մղուին անպայման կարդալու, ոմանց համար` մայրերու օժանդակութեամբ:

Մանկական գրականութեան պարագային կարեւոր է ընտրութիւնը նիւթին, թեմային: Հեքիաթայինի կողքին, կենցաղային մեր կեանքին համընթաց շեշտադրումով: Մանուկը պէտք է զգայ, թէ ինք եւս կը գտնուի միեւնոյն վիճակին մէջ, կը սիրէ, նուէր կ՛ակնկալէ մանաւանդ Ամանորին, կը հաւատայ Կաղանդ պապային, կ՛երազէ, բարիին մասին կը մտածէ, կ՛ատէ չարը: Դաստիարակութեան հիմնական սկզբունքն է թափանցել մանուկներու հոգեկան աշխարհէն ներս: «Մեծ հայրիկին նուէրը» յարգած է այս հոգեբանութիւնը, եւ առանց առատախօսութեան արտայայտած է իրողութիւնը, սիրելի ընթերցանութիւն մը պարգեւելով անոնց:

Վաստակաշատ է Վերա Սիսեռեան մանկական գրականութեան բերած իր ներդրումով: Ան կը ձգտի լաւագոյնը ընծայել մանուկներուն, լեզուով եւ նկարազարդումով: Այս հաստատումը իրաւունք կու տայ մեզի ըսելու, թէ այլեւս կարիք չունինք նախանձելու օտարներու լոյս ընծայած գիրքերուն: Ահաւասիկ` հայկական ստեղծագործութեամբ յաջող հրատարակութիւն: Մենք մեզ գերադասելու բարդոյթ չէ այս: Երանի թէ օտարներն ալ կարենային կարդալ, տեսնել մեր ստեղծածը, մեր մանուկներուն ընծայուած մեր գիրքերը, գրութիւն ըլլայ թէ գեղանկար:

Մեր երիտասարդ ծնողներուն, մայրերուն պարտականութիւնն է տեսնել ու գնահատել իրագործուած աշխատանքները:

Այս անկեղծ արտայայտութիւնը կ՛ունենանք Վերա Սիսեռեանին նոր լոյս ընծայած «Մեծ հայրիկին նուէրը» գրքոյկին առիթով: Մեզի կը մնայ ճանչնալ մեր արժէքները, քաջալերել մեր իրագործումները, տեսնել գիտնանք եւ գործնապէս կեդրոնանանք մեր սեփական շնորհները գնահատելու անկեղծութեամբ:

Մեր հրատարակչատուները, մասնաւորաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը այս կապակցութեամբ կրնայ գոհացնել նոյնիսկ խստապահանջ ծնողները:

Կ՛արժէ բարեկամանալ գեղեցիկին, բարիին եւ… հայկականին: Այս է մեր մաղթանքը, բաղձանքը: Չմոռնանք նոյն ատեն շնորհակալութիւն յայտնելու մեր մանկագիրին` Վերա Սիսեռեանին, իր յարատեւ ստեղծագործական նորութիններուն համար:

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութսալի Բաժակի Մրցաշարք. Սատաքա Դուրս Ձգեց Ախոյեան Պէյրութի Դրամատունը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.