Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Կը Միջամտէ Արցախեան Հակամարտութեան

February 11, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ուշագրաւ է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) միաժամանակեայ լսումներ կ՛իրականացնէ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ ներկայացուած երկու հակադիր հայցերով: Արդեօք ասիկա լոկ զուգադիպութի՞ւն է, թէ՞ դատարանին կողմէ փորձ` միջամտելու կնճռոտ հարցի մը, զոր քաղաքական գործիչները չեն յաջողիր լուծելու աւելի քան 25 տարիէ:

Այս շաբաթ ՄԻԵԴ-ը պիտի լսէ «Սարգսեանը` ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործը` քննութեան առնելով Մինաս Սարգսեանի բողոքը ընդդէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, որով ան կը պնդէ, որ բռնի արտաքսուած է Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղի մէջ գտնուող իր տունէն, որ կործանուած էր 1992 թուականի յունիսին ազրպէյճանական բանակին կողմէ: Սարգսեանի գործը առաջին անգամ ՄԻԵԴ-ին ներկայացուած է 11 օգոստոս 2006-ին: Հետաքրքրական է, որ Եւրոպական դատարանը հայկական եւ ազրպէյճանական բողոքներուն վերաբերեալ  լսումները իրականացուցած է միեւնոյն օրը. 15 սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան դատարանը լսած է «Չիրակովն ու միւսները` ընդդէմ Հայաստանի» գործը, իսկ նոյն օրուան երկրորդ կէսին` «Սարգսեանը` ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործը:

14 դեկտեմբեր 2011-ի նախնական որոշումով ՄԻԵԴ-ը Սարգսեանին բողոքը նկատեց մասամբ ընդունելի: Դատարանը մերժեց Ազրպէյճանի վիճարկումը, թէ գործը պէտք է դադրեցնել, քանի որ անոր մէջ ընդգրկուած դէպքերը տեղի ունեցած են մինչեւ Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիրի վաւերացումը 2002 թուականին: Ցաւօք, խնդրարկու Մինաս Սարգսեանը մահացած է 2009 թուականին, բայց անոր երկու զաւակները կը շարունակեն դատական գործընթացը: ՄԻԵԴ-ը պիտի զբաղի Սարգսեանի գործին քննութեամբ 5 փետրուար 2014-ին:

Երկու շաբաթ առաջ ՄԻԵԴ-ը լսեց «Չիկարովն ու միւսները` ընդդէմ Հայաստանի» հակադիր գործը, որով վեց ազրպէյճանցի քիւրտեր բողոք ներկայացուցած էին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Անոնք կը պնդէին, որ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադառնալու իրենց տուները եւ սեփականութիւնները, որոնք կը գտնուին Լաչինի շրջանին մէջ, 17 մայիս 1992 թուականէն ի վեր, որովհետեւ ստիպուած եղած են հեռանալու արցախեան պատերազմին պատճառով:

Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական առաջին բողոքը  ներկայացուած է ՄԻԵԴ 6 ապրիլ 2005-ին: 4 դեկտեմբեր 2011-ին նախնական որոշումով ՄԻԵԴ-ը համաձայն գտնուեցաւ գործին քննութիւնը կատարելու, նկատել տալով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները չեն արգիլեր Եւրոպական դատարանին` զբաղելու այս վիճելի հարցով: ՄԻԵԴ-ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 22 յունուար 2014-ին` քննութեան առնելով հետեւեալ հարցերը.

1.- Արդեօք Հայաստանը ունի՞ իսկական հակակշիռ Արցախի տարածքներուն վրայ:

2.- Ազրպէյճանցի վեց քաղաքացիները ունի՞ն բաւարար փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն անոնց ինքնութիւնը եւ սեփականութեան իրաւունքը հայցով ներկայացուած գոյքին նկատմամբ:

3.- Պէ՞տք է արդեօք ազրպէյճանցի հայցուորները սպառէին բոլոր տեղական դատական ատեանները (ՄԻԵԴ-ի պահանջը) հայց ներկայացնելով Արցախի դատարաններ` մինչ ՄԻԵԴ բողոք ներկայացնելը, նկատի ունենալով մանաւանդ այն բարդութիւնը, որ Արցախը չճանաչուած պետութիւն է:

Ահա որոշ մտորումներ ՄԻԵԴ-ի վճռորոշ դերին մասին այս երկու հակասական բնոյթ ունեցող գործերուն մէջ.

1.- Երկու բողոքներն ալ ՄԻԵԴ ներկայացուած են գրեթէ տասը տարի առաջ եւ անոնք կը պարունակեն մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներ, որոնք տեղի ունեցած են երկու տասնամեակ առաջ: Քանի որ հայ հայցուորը եւ ազրպէյճանցի վեց հայցուորներէն մէկը մահացած են անցեալ տարիներուն, անոնցմէ ոչ մէկը այլեւս կը տեսնէ Եւրոպական դատարանէն ակնկալուող արդարութիւնը: Ինչպէս կ՛ըսէ յայտնի ասացուածքը` «Արդարութեան ուշացումը արդարութեան մերժում է»…

2.- ՄԻԵԴ-ի ակնյայտ փորձը` միաժամանակեայ քայլեր ձեռնարկելու այս երկու առանձին, բայց հակադիր գործերու վերաբերեալ, ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական դատարանը կը փորձէ լուծել ոչ միայն այս երկու բողոքները, այլ նաեւ` հող նախապատրաստել արցախեան հակամարտութեան լուծման համար, առնուազն փախստականներու` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի մասով:

Նկատի ունենալով ՄԻԵԴ-ի մինչեւ այսօր անաչառ վերաբերմունքը հայկական եւ ազրպէյճանական հայցուորներու նկատմամբ, կարելի է ենթադրել, որ Եւրոպական դատարանը ի վերջոյ վճիռ կը կայացնէ յօգուտ երկու գործերուն, ատով իսկ դուռ բանալով երկու կողմերու փախստականներու հազարաւոր լրացուցիչ բողոքներուն առջեւ, որոնք նոյն բախտին արժանացած են արցախեան պատերազմի ընթացքին: Քանի որ Եւրոպական խորհուրդի անդամ բոլոր պետութիւնները պարտաւոր են կատարելու ՄԻԵԴ-ի որոշումները, Եւրոպական դատարանը կրնայ սահմանել, որ այդ փախստականներուն թոյլատրեն վերադառնալ իրենց հայրենի տուները, այսպիսով մասնակի մարդասիրական լուծում պարտադրելով անզիջում հակամարտութեան, որ երկու երկիրներու ղեկավարներն ու միջազգային միջնորդները ի զօրու չեն լուծելու աւելի քան 25 տարիէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

 

Նախորդը

Բարեկամաւան. Մաշուող Հայրենիքի Պատկերը

Յաջորդը

Մարտինի Մէջ Քրիստոնեայ Թուրքերուն Դէմ Մահուան Սպառնալիք

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.