Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Դերը` Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

February 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ilustration-sane_mind-3'Ներկայիս կ՛ապրինք ընկերային հարցերու տագնապալի ժամանակաշրջան մը: Պատերազմներ, աղքատութիւն, անգործութիւն եւ այլազան երեւոյթներ կ՛ապականեն մեր քաղաքները, մեր շրջանակները: Այս բոլորէն ամէնէն ցնցիչն ու մահացուն թմրամոլութիւնն է: Թմրամոլութիւնը արդէն իսկ թափանցած է մեր ընտանիքներէն եւ տուներէն ներս: Այլեւս չենք կրնար «տուներէն հեռու»-ի մօտեցումը ունենալ թմրամոլութեան նկատմամբ, որովհետեւ անհերքելի է անոր թափանցումը մեր իսկ շրջանակներուն մէջ: Բոլորս կը ճանչնանք անձ մը կամ լսած ենք անձի մը մասին, որ զոհը դարձած է թմրեցուցիչի չխնայող ուռկանին:

Ըստ տուեալներու, թմրամոլութեան ախտէն ամէնէն աւելի կը տառապի երիտասարդը: Ան երբ կ՛անցնի պատանեկութենէն դէպի չափահասութեան հանգրուան, իր մէջ կը կազմուին նոր մտածումներ, կ՛որդեգրուին նոր կեցուածքներ, եւ անոր միտքը կ՛ըլլայ աւելի ընդունակ եւ հանդուրժողական` տարբեր երեւոյթներու նկատմամբ: Երիտասարդն է, որ ինքզինք անձեռնմխելի եւ անմահ կարծելով` կը փորձէ նոր բաներ, կը հետեւի նորոյթ կարծուած բաներու, եւ երբեմն կեանքը վտանգելով` արկածախնդրութեան ճամբան կը բռնէ: Հետեւաբար, շատ յաճախ «ամէն բան փորձելով է»-ի պատճառաբանութեամբ եւ երբեմն «ընկերներու» կողմէ բանեցուած ճնշումին իբրեւ հետեւանք, երիտասարդը կ՛իյնայ թմրեցուցիչին թակարդին մէջ եւ առաջին փորձէն իսկ կը դառնայ մոլի: Եւ անշուշտ թմրեցուցիչը տարածելով իր սեւութիւնը, կը յաջողի կարճ ժամանակի ընթացքին երիտասարդը ստրկացնել եւ տիրել անոր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ` ընկերային, առողջապահական եւ հոգեբանական` երիտասարդը ուղղելով դէպի գերեզման:

family-careԿարելի է շատ երկար խօսիլ պատճառներուն մասին, թէ ինչո՞ւ պէտք է մերժել թմրեցուցիչը, բայց մեզ աւելի հետաքրքրողը ձեւեր գտնելն է` ո՛չ թէ կազդուրելու համար թմրամոլը, այլ ստեղծելու այդպիսի միջավայր մը, ուր երիտասարդին համար դիւրին պիտի ըլլայ մերժել թմրեցուցիչի առաջին փորձն իսկ: Երանի կարենայինք թմրամոլութեան բոլոր դրդապատճառներուն լուծումներ գտնել, բայց պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Պէտք է մտածել, թէ կա՞ն խումբեր մեր ընկերութեան մէջ, ուր երիտասարդներ աւելի քիչ վտանգուած են, քան ուրիշները: Խումբեր, որոնք երիտասարդին պիտի տրամադրեն առողջ մթնոլորտ մը` թմրեցուցիչի «հրապուրիչ» հրաւէրէն հեռու: Մեծ վստահութեամբ եւ հաւատքով կրնամ ըսել այո՛, կա՛ն այդպիսի խումբեր մեր ընկերութեան մէջ: Ես այդ խումբերէն մէկուն մէջ է, որ սորված եմ զանազանել ճիշդը սխալէն, եւ աւելին` կեցուածք որդեգրել սխալին դէմ: Սորված եմ ըլլալ արդար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան: Սորված եմ, թէ կեանքը որքան արժէքաւոր է, եւ թէ պէտք է ըլլալ երախտապարտ եւ պահպանել զայն: Իսկ կարեւորագոյնը` սորված եմ ընկերասիրութեան վսեմ գաղափարը, «ընկեր» բառին արժէքն ու իմաստը: Այս բոլորը ես սորված եմ մաս կազմելով Լիբանանի երիտասարդական միութեան: Այո՛, ԼԵՄ-ը այդ միութիւններէն մէկն է, որ ունի երիտասարդը թմրամոլութենէ փրկելու կարողութիւնը: ԼԵՄ-ը` ըլլալով երիտասարդական միաւոր, երիտասարդին ժամանակը կը լեցնէ իր ազգին նուիրուած աշխատանքով: ԼԵՄ-ին մէջ երիտասարդը առիթը կ՛ունենայ զարգացնելու իր կարողութիւնները եւ արտայայտելու իր միտքերը: Այս բոլորին կողքին, ԼԵՄ-ը կը տրամադրէ ապահով եւ ընկերական շրջանակ մը, ուր երիտասարդը կը շրջապատուի իրեն նման ուրիշներով, եւ այսպիսով աւելի հեշտ կ՛ըլլայ դէմ դնել թմրամոլութեան: Երբ ԼԵՄ-ի մէջ երիտասարդը կը դաստիարակուի ըլլալու տիպար մարդ, տիպար հայ եւ տիպար դաշնակցական, ան արդէն իսկ կը զինուի կամքով, զոր անհրաժեշտ է «ո՛չ» ըսելու համար թմրեցուցիչին:

Ես ինքզինքս զօրաւոր կը զգամ դէմ դնելու թմրամոլութեան եւ այս մէկը կը պարտիմ ԼԵՄ-ին: Իսկ դո՛ւն, սիրելի երիտասարդ, չե՞ս ուզեր արդեօք նոյնը զգալ:

ԼԵՄ-ԱԿԱՆ ՄԸ

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Դառնալ Ուժեղ

Յաջորդը

Բարի Գալուստ. Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահան Յովհաննիսեանին Քաղաքական Գործիչ, Հնագէտ, Պատմաբան Եւ Վիպասան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.