Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Սուսերամարտի միջերկրականեան խաղերուն, յաջողեցաւ տիրանալ երկու մետալի:
Լիբանանի համար արծաթ մետալ ապահովեց Լիբանանի ախոյեան Անթոնի Շուէյրի, իսկ պրոնզ մետալ ապահովողը հանդիսացաւ աղջկանց մրցումներուն մասնակցած Մալաք Շըհիթօ:
Այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներ:
Նշենք, որ այս խաղերուն զուգահեռ, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջերկրականեան երկիրներու սուսերամարտի ֆետերասիոնի տարեկան համագումարը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ, Միջերկրականեան երկիրներու սուսերամարտի ֆետերասիոնին փոխնախագահ Զիատ Շուէյրի:
Այդ համագումարին Սպանիոյ մայրաքաղաքը` Մատրիտ, իրաւունք ստացաւ, հիւրընկալելու յաջորդ խաղերը:


