Օրեր առաջ, յաջողութեամբ անցնելէ ետք նոր դատաւորներու ընդունման քննութիւնը` Լիբանանի Արդարադատութեան գերագոյն խորհուրդը ներկայացնող դատակազմին առջեւ, իրաւագիտութեան դոկտոր եւ ցեղասպանագէտ Ռոտնի Տաքէսեան 30 յունուար 2014-ին պաշտօնապէս նշանակուեցաւ դատաւոր:


