Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Տինքի Անուան «Ազատութեան Ժառանգ» Շքանշանի Տուչութիւն Խաչիկ Մուրատեանի

February 6, 2014
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_5920Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 19 յունուարի երեկոյեան ժամը 5:00¬ին Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 7-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւն` ներկայութեամբ կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, նաեւ` հարիւրաւոր ամերիկահայերու:

Բացման խօսքը արտասանեց Պոլսահայ միութեան ատենապետ տոքթ. Օհաննէս Քուլաք Աւետիքեան. առաջին բանախօսն էր Էտվին Մինասեան, որուն յաջորդեց ներկայացում մը` Այտա Էրպալի կողմէ, որ շեշտը դրաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայերուն կացութեան վրայ:

Ձեռնարկի հիմնական բանախօսն էր Խաչիկ Մուրատեան, որ իր խօսքը փոխանցեց փաուըրփոյնթի ներկայացման ընկերակցութեամբ` իբրեւ հիմնական խորագիր ունենալով «Փնտռելով Արեւմտահայաստանը` Թուրքիոյ մէջ»: Խ. Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն հայերուն ճակատագիրն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, հայկական գիւղերուն եւ քաղաքներուն մշակութային եւ պատմական աւանդը` դիտել տալով, որ այս բոլորին լոյսին տակ Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը դասեր ունին քաղելիք:

Ապա Պոլսահայ միութիւնը Խաչիկ Մուրատեանը պարգեւատրեց Հրանդ Տինքի անուան «Ազատութեան եւ արդարութեան  ժառանգ» առաջին շքանշանով:  Խ. Մուրատեան դոկտորական թեկնածու է Քլարք համալսարանին մէջ, կը դասաւանդէ Ռաթկըրզ եւ Ուստըր Սթէյթ համալսարաններուն մէջ: Ան գլխաւոր խմբագիրն է «Արմինիըն ուիքլի» շաբաթաթերթին (Պոսթըն):

Անկէ ետք կարճ խօսքերով հանդէս եկան Ալեք Էկինլի, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Հայ իրաւաբաններու կաճառի ատենապետ Կարօ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ` տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ, Համայնքը Յարգեց Նահատակ Զինուորին Յիշատակը

Յաջորդը

Միքայէլ Լաուտրուփ Պաշտօնազրկուեցաւ

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.