«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, կիրակի, 2 փետրուար 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ի մօտ, Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէի շրջանի մայր փողոցին վրայ գտնուող Սալլորա անուշավաճառի խանութին մայթին վրայ ինկած հրասանդի հրթիռին պատճառով տեղացի մը զոհ գնաց: Նոյն ժամուն երկրորդ հրասանդի հրթիռէն թիրախը Ռիայէթ Շեպեպ-Վիլլաներու գիծն էր. ոչ մէկ վնաս արձանագրուեցաւ:
Անցնող շաբաթը եւ յատկապէս շաբաթավերջին սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կատարեց զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջանները` գործածելով օդուժի ուղղաթիռներ:
Մինչեւ երէկ գիշեր մերթ ընդ մերթ կը լսուէին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներն են:


