Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջ Միտքով Եւ Մարմնով` Հեռու Մնալ Մոլութիւններէ

February 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

handsՄարդկային պատմութեան իւրաքանչիւր հանգրուանի մարդկային ընկերութիւնը դիմագրաւած է ու կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, տագնապներ եւ ախտեր, որոնք երբեմն կ՛ըլլան անցողական եւ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին, երբեմն ալ կը դառնան մտահոգիչ եւ վտանգաւոր` սպառնալով ամբողջ ընկերութեան մը դիմագիծին:

Անցնող վերջին տասնամեակներուն ամբողջ աշխարհը մտահոգ է թմրեցուցիչի տարածումով եւ անոր հետեւանք` թմրամոլութեամբ, որ ամէն երկրի, կրօնքի եւ համայնքի մէջ բոյն դրած է: Անիկա խտրականութիւն չի դներ կրօնքի, ազգի եւ սեռի միջեւ: Թմրեցուցիչը կը քայքայէ ամբողջ էութիւն մը ու կը փճացնէ կեանքեր` խոստմնալից ապագաներ, դէպի անդունդ հասցնելով զանոնք:

Թմրեցուցիչի տարածման ամէնէն պարարտ հողը կը ներկայացնեն պատանիներն ու երիտասարդները` ապագայի ատաղձը, որ աւելի դիւրութեամբ կը տարուին փորձութիւներով եւ կ՛ուզեն փորձել արգիլուածը, վտանգաւորը:

Վտանգաւոր այս կացութիւնը դիմագրաւելու եւ սպառնալիքին տարողութիւնը մեղմացնելու համար անհրաժեշտ են արմատական լուծումներ, սակայն նոյնքան կարեւոր են նաեւ կանխարգիլման ձեւերու որդեգրումը: Այս իմաստով ողջունելի եւ քաջալերական է «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ պայքարի նախազգուշական կեդրոնի գրեթէ տասնամեակէ մը ի վեր տարած անխոնջ աշխատանքը: Նախազգուշական գետնի վրայ «Հորիզոն» կեդրոնին կազմակերպած սեմինարները, արշաւները եւ քարոզչական լայնածիր գործունէութիւնը` անցնող տասը տարիներուն ընթացքին, ունեցան իրենց շատ դրական արձագանգն ու արդիւնքը: Կեդրոնը կրցաւ նաեւ անհրաժեշտ հետապնդումը կատարել իրեն դիմող թմրամոլներուն օգնելու եւ զանոնք դարմանելու:

Նախազգուշական կեդրոններու կողքին կարեւոր են նաեւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն առիթ ընծայող առողջ ժամանցները: Այս առնչութեամբ կենսական

դերակատարութիւն ունին մարզական, պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Անոնց ուսերուն վրայ դրուած է նաեւ օժանդակութեան ձեռք երկարելու պարտականութիւնը` սայթաքումի սպառնալիքին ենթակայ պատանիներուն ու երիտասարդներուն:

ՀՄԸՄ իբրեւ երիտասարդական եւ մարմնակրթական միութիւն, առողջ միջավայր կը ստեղծէ իր սկաուտին ու մարզիկին: Անոնք անուղղակի կերպով կը վարժուին առողջ սովորութիւններու եւ առողջ ապրելակերպի: Անհերքելի իրողութիւն է «Առողջ միտքը առողջ մարմնին մէջ» հաստատումը. եւ առողջ միտք ու գիտակցութիւն ունեցող պատանին ու երիտասարդը դժուար որ կամովին ընտրէ շեղումը եւ յոռի սովորութիւնները:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ

Նախորդը

Ծնողք Ըլլալ Կը Նշանակէ Զաւակներուն Պահապան Հրեշտակ Ըլլալ…

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 89

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.