Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Շահեկան Կլոր Սեղան` «Ընկերութիւնը Ի՞նչ Կը Սպասէ Հայ Կնոջմէն» Նիւթով

January 28, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

glorԵրէկ` երկուշաբթի, 27 յունուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` «Ընկերութիւնը ի՞նչ կը սպասէ հայ կնոջմէն» նիւթով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց Յասմիկ Գէորգեան, որ նշեց, թէ ժամանակէ մը ի վեր նիւթական մտահոգութիւններէ զուրկ հայ կիներէն ոմանք սին սովորութիւններու եւ քաղքենիացած արժէքներու կրողներ դարձած են: Ասիկա պատճառ դարձած է, որ դաստիարակչական յանձնախումբը այս նիւթը լուրջ քննարկումի առարկայ դարձնէ եւ միեւնոյն նպատակով տուեալ նիւթին շուրջ կլոր սեղան կազմակերպէ:

Կլոր սեղանին մասնակցեցան երեք զեկուցաբերներ. Մակի Խաչերեան խօսեցաւ «ԼՕԽ-ականները որքանո՞վ իրազեկ պէտք է դառնան գաղութի կառոյցներուն» նիւթին, Սօսէ Ճինպաշեան` «ԼՕԽ-ականները ինչպէս կրնան օգտակար ըլլալ իրենց ընկերութեան» նիւթին, իսկ Գաբրիէլ քհնյ. Գամայեան` «Ինչպէս հայ կիները պէտք է հակազդեն յոռի երեւոյթներուն եւ սովորութիւններուն» նիւթին մասին: Օրուան զրուցավարն էր Սօսի Փոլատեան, որ զեկուցաբերները ներկայացնելէ առաջ նշեց, որ վերջին ժամանակաշրջանին լիբանանահայ կեանքին մէջ ի յայտ եկած զանազան ընկերային հարցեր պատճառ դարձան, որ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը ընտրէ այս նիւթը կլոր սեղանի քննարկման համար:

Մակի Խաչերեան նախ անդրադարձաւ հայ կնոջ դերակատարութեան` հայ իրականութեան մէջ: Պատմական ակնարկ մը կատարելով ան նշեց, որ Քրիստոսէ առաջ եւ ետք հայ կինը իր առանձնայատուկ դերը ունեցած է հայոց պատմութեան մէջ: Ան միշտ ունեցած է բարձր մակարդակի ազատութիւն, եւ երբ դարերու ընթացքին հայ տղամարդիկ երկրի պաշտպանութեան լծուած են, կինը նուիրուած է ընտանիքի պահպանման պատասխանատու առաքելութեան: Ճիշդ է, որ զանազան բռնապետութիւններ փորձած են կանխել հայ կնոջ սլացքը, սակայն ան շուտով շրջանցած է դժուարութիւնները` իր ներդրումը ունենալով գրականութեան եւ արուեստներու զանազան ճիւղերուն մէջ: Հայ կինը իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, երբ 1918-ին ընտրելու իրաւունքը կիրարկած է, մինչ Ամերիկայի մէջ այդ իրաւունքը ձեռք ձգուած է միայն 1920-ին:

«Իսկ հիմա ի՞նչ է վիճակը սփիւռքի մէջ», հարց տուաւ Մակի Խաչերեան եւ յայտնեց, որ այսօր դժբախտաբար կան հայ մայրեր, որոնք իրենց զաւակներուն եւ շրջապատին հայկական իմաստով տալիք չունին, որովհետեւ պարպուած են ազգային արժէքներէն: Այս մթնոլորտին մէջ ԼՕԽ-ը պէտք է իրականացնէ հայ կնոջ մասնակցութիւնը հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Երբ կ՛ուզենք դերակատար ըլլալ մեր գաղութային կառոյցներուն մէջ, պէտք է գիտնալ անոնց առաւելութիւնները եւ թերութիւնները: Այսօր հայ ընկերութիւնը կը պահանջէ, որ հայ կինը շարունակէ իր տիրական դերակատարութիւնը հայ կեանքի ղեկավարման աշխատանքին մէջ:

Սօսէ Ճինպաշեան յայտնեց, որ Հայ օգնութեան միութիւնը բարեսիրական միութիւն մըն է, որ կը զբաղի ընկերային կարիքներու հոգացումով, այդ կարիքները սակայն ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուած են: Ներկայիս մեր կարիքները շատ են: Առաջնահերթութիւններէն մէկը տարեցներու հոգատարութիւնն է: Կարեւոր հարցերէն մէկն է նաեւ նիւթական տագնապը եւ այդ պատճառով կրթաթոշակները վճարելու դժուարութիւն: Նաեւ կայ ընդհանրապէս առողջապահութեան ապահովման հարցը, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ բոլորը ապահովագրութիւն չունին:

Ճինպաշեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ԼՕԽ-ը իր կազմակերպական կառոյցին ընդմէջէն կրնայ լուծումներ առաջադրել գոյութիւն ունեցող ընկերային հարցերուն եւ կարիքներուն: Սակայն նաեւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը ոչ միայն իրենց շրջաններուն կարիքներուն պէտք է հասնին, այլ նաեւ մթնոլորտ ստեղծեն` հայկական մշակութային ինքնուրոյնութեան պահպանման համար, ինչպէս նշուած է ՀՕՄ-ի ծրագիր-կանոնագիրին մէջ: «Մենք սփիւռքի մէջ պետութիւն չունինք, սակայն կը գործենք պետութեան նման», ընդգծեց Սօսէ Ճինպաշեան:

Գաբրիէլ քհնյ. Գամայեան անդրադարձաւ օտարոտի բարքերուն, որոնք կը ներմուծուին հայ ընկերութեան մէջ` քանդելու համար հայկական աւանդական արժէքները: Յառաջացած է համայնակուլ հոսանք մը, որուն նպատակն է հայութիւնը պարպել հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն: Տէր հայրը ըսաւ, որ եկեղեցին շէնքը չէ, այլ հաւատացեալ ժողովուրդը, իսկ այսօր կիրակնօրեայ պատարագներուն ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը տարեց մամիկներէ կը բաղկանայ: «Այսօր երիտասարդութիւնը ո՞ւր է եկեղեցւոյ կեանքին մէջ», հարց տուաւ տէր հայրը` յատուկ շեշտադրումով խօսելով մանաւանդ նիւթապաշտութեան եւ շահամոլութեան յոռի երեւոյթներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութեան մասին: Տէր հայրը կարեւոր նկատեց մօր դերակատարութիւնը զաւակներուն հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին մէջ` նշելով միաժամանակ, որ եկեղեցին նահատակներու արեան գնով մեզի հասած շատ գանձեր ունի փոխանցելիք:

Կլոր սեղանը շարունակուեցաւ զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն միջեւ հարցում-պատասխանի միջոցով:

 

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Յստականայ Ախոյեանին Անունը

Յաջորդը

Սրբադասման Եւ Ծիսական Յանձնախումբերու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.