Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժշտախառն Կատակերգութիւն. Մարդկային Տկարութիւններու Բացայայտում` Ծաղր Ու Ծիծաղով

January 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

11913704843Երգիծաբան, կատակերգակ, մենաթատրոնի վարպետ Նարեկ Տուրեան Լիբանան եկաւ ոչ թէ առանձին, այլ` իր թատերախումբով: Մօտիկ անցեալին ան մեզի ներկայացուցած էր մենախօսական թատերական պատկերներ` միշտ զուարճալի եւ ինքնաքննարկման թեմաներով: Այս այցելութեան ան բերաւ նորութիւն մը` յայտնաբերելով երիտասարդներու շնորհալի խումբ մը եւ թատերական նոր ոճով ու երգիծական նրբութիւններով շաղուած ներկայացում:

Նարեկ Տուրեանի այս այցը Լիբանանի հայութեան շնորհեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, 11 եւ 12 յունուար 2014-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջ` երաժշտախառն կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ 17 յունուար 2014-ին, երկու անգամ եւս, ցերեկային` աշակերտութեան համար եւ երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ հանդիսատեսներու:

«Մօրաքոյրը Փարիզէն» երգիծանքը վերջին տարիներուն անուանի դերասանը եւ կատակերգակը ներկայացուցած է 100 անգամ` շրջելով մեր գաղութները, ովկիանոսներէն անդին: Հայաստանի մէջ ծափահարուած է այս թատերախաղը, նոյնպէս` Ֆրանսայի մէջ, հանդիսատեսներուն պարգեւելով լիաթոք խնդալու, ծիծաղելու եւ խոկալու պահեր:

Ի՞նչ է նպատակը «Մօրաքոյրը Փարիզէն» կատակերգութեան, որ խորքին մէջ կարելի է նկատել ողբերգութիւն մը, որովհետեւ հոն արծարծուած հարցերը կը բացայայտեն մեր թերութիւնները` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ապրողներուս:

Նարեկ Տուրեան սքանչելի խորացումով սերտած-ուսումնասիրած է հայաստանցիին եւ սփիւռքահայուն հոգեբանութիւնը, հայրենասիրական ջերմութիւնը կամ հակառակը, խորհրդային երկարատեւ ժամանակաշրջանին ներգաղթ, արտագաղթ եւ Սիպերիա ապրած հայուն կեանքը, որ իրաւամբ եղաւ ոդիսական մը: Տեղաշարժերով լեցուն հայ կեանքը ունեցաւ իր սխալները, կամայ-ակամայ թերութիւնները, մարդկային տկարութիւնները, որոնք աղարտեցին հայուն հայեցի նկարագիրը: Չքաւորութիւնը, արգելափակումները, աքսորը, կարօտը ստեղծեցի այնպիսի ներաշխարհ մը իւրաքանչիւր հայուն հոգիին ու սրտին մէջ, որոնց կ՛անդրադառնանք Նարեկ Տուրեաններու նշումներով, թատերախաղի վերածուած երգիծանքով: Լա՞լ, թէ՞ խնդալ նման վիճակներու դիմաց: Մարդ կը խաբեն դրամի տիրանալու համար, այրը կը վերածուի էգ արարածի, առկայ է սէրը, բայց ՍԷՐՆ իսկ շուարումի մատնուած է, թէ ո՞վ պէտք է ըլլայ իր տէրը կամ ո՞վ պէտք է ըլլայ զինք հարազատօրէն ապրողը:

Խաբեբայութիւն, դրամի պահանջ, հայրենասիրութիւն, կեղծիք, զրպարտութիւն, հայաստանցին չի հաւնիր սփիւռքահայը եւ` փոխադարձաբար: ՍՈՎԵՏի օրերուն սուտ ու կեղծ կեանք ապրած մեր հայրենակիցները ըսելիքներ, դժգոհութիւններ եւ ծաղր ունին արտասահմանէն Հայաստան եկած հայուն: Հոս կը բացայայտուի ԹՈՒՐԻՍԹ սփիւռքահայուն հոգեբանութիւնը: Վերջին տասնամեակներուն հաստատուած իրողութիւնն այն է (որ չէ փախած Նարեկ Տուրեանի աչքերէն) Հայաստանի մէջ, Երեւանի մէջ անշուշտ տուն ունենալ եւ դուռ ու պատուհան փակել, ապրիլ սփիւռքի մէջ: Թերեւս` մէկ ամիսով զբօսաշրջիկի ժամանակաշրջանին:

Դժբախտութիւն է այս իրականութիւնը:

Ֆրանսայէն ներգաղթ կը կատարուի 1947-ին, ֆրանսահայը չի կրնար ապրիլ խորհրդային դժնդակ պայմաններու մէջ, ձեւը կը գտնէ վերադառնալու Ֆրանսա:

Ն. Տուրեան մատը դրած է արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուաճիւղերու բախումին վրայ: Դերասաններէն պարոն Ժաքը ներգաղթած մը ըլլալով` կը խօսի արեւմտահայերէն: Ն. Տուրեան բեմադրիչ դերասանին սիրած մէկ բառը եղած է ՔԱՆԶԻ-ն, գրաբար որովհետեւը, զոր կ՛օգտագործէ յաճախ խնդուք ստեղծելով:

Ն. Տուրեան, պարոն Գեղամի դերով, կը փոխակերպուի փարիզցի մօրաքոյրի` իր գլխարկով, օղերով ու կնոջական յարդարանքներով: Դրամին խայծը կը խլրտի հայաստանցի երկու սիրուն աղջիկներու (Նաթաշա եւ Քաթեուշա) եւ երկու ջահել երիտասարդներու (Մանուէլ, Սամուէլ) սիրտերուն մէջ: Եթէ անոնք կարենան ամուսնանալ իրենց սիրածին հետ, կամ տեսնել Փարիզը, Շան զ՛Էլիզէն, Էյֆելը, որոնց մասին լորձնաշուրթն կը գովերգէ Փարիզէն եկած մօրաքոյրը…

11913694613_5aaeeb7806_oԵրգիծագիր է Նարեկ Տուրեան: Ինքն է հեղինակը «Մօրաքոյրը Փարիզէն» կատակերգութեան: Ան ոչ մէկ թերութիւն բաց թողած է մատնանշելու համար: Հայաստանցիին նուէր տալու եղանակը, որ ԱՅԲՈՒԲԵՆՆ է: Սփիւռքահայուն հայրենիքի մէջ կատարած ներդրումները («Դուք ի՞նչ գիտէիք, մենք սորվեցուցինք»-ի իմաստով): Այս բոլորը կը յանգին մէկ յայտարարի. իրարու հանդէպ` յայտնի կամ անյայտ դժգոհութիւն մը, որուն ակնարկած է Տուրեան զօրաւոր շեշտադրումով:

Ներկաները կը ծիծաղին Ն. Տուրեանի խաղարկութեան, ոճ մը` այնքան ճկուն, սնդիկի նմանող ճապուկ շարժուձեւ, ձեռքի ու մատներու  հաճելի հպումներ, անդադրում երթեւեկ բեմին վրայ, մասնաւորաբար երբ վերածուեցաւ կին կերպարի: Մէկ խօսքով` բացառիկ ներկայութիւն մը` Ն. Տուրեանի ընդհանուր մշակութային զարգացման առատ տուեալներով, տաղանդաւոր հոգեվերլուծող մը, շնորհք մը, որ մղած է, անհանգստացուցած է զինք արտայայտելու արուեստագէտի իր ողջ գիտութիւնը, զգացական եւ իմաստասիրական մօտեցումներով զեղուն:

Պէտք չէ մոռնալ երգերուն, խմբերգներուն բերած ոգեւորութիւնը` խաղարկութեան առընթեր: Հաճելի, պարզ ու իրապաշտ բացատրողականներ եղան, հրճուանքը համեմող:

Կարելի է ըսել, որ այս թատերախաղը չտեսնողները զրկուեցան արուեստի եւ երգիծական ներկայացման մը վայելքէն: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կը պարտինք այս հաճելի եւ օգտակար պահերը զգալու: Այս օրերուն, երբ իւրաքանչիւր լիբանանցի կամ սուրիացի հայ կ՛ապրի տագնապալի պահեր` ծանօթ պատճառներով, քիչ մը ծիծաղ, քիչ մը ժպիտ եւ բարձրաձայն խնդուք ու քրքիջ մոռցնել տուին մեր սիրտերը պատած տրտմութիւնը:

Շնորհակալութիւն ամէնուն: Հազա՛ր ապրիք Նարեկ Տուրեան եւ նորակազմ թատերախումբ` Տուրեան Նարեկի թատերական դպրոցի տղաք ու աղջիկներ:

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւն. Ա. Եւ Բ. Հատորներու Միացեալ Հրատարակութիւն (Անձնանուններու Եւ Տեղանուններու Ցանկերով Հարստացած) Բ. Հրատարակութիւն

Յաջորդը

Մկոյեան Միացաւ Շիրակի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.