Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Արդար Խաղաղութիւն Հաստատելու

January 21, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5Երէկուան մեր թիւով ամբողջութեամբ տուած էինք Արամ Ա. կաթողիկոսի առաջարկը` ուղղուած Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին: Այս առաջարկը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին կողմէ` իբրեւ հիմքը «Ժընեւ-2»-ին ուղղուելիք յատուկ յայտարարութեան:

Յայտարարութեան մէջ ժողովին մասնակիցները մասնաւորապէս կը նշեն. «Մենք կ՛անհանգստանանք բոլոր այն մարդոց համար, որոնք տուժած են Սուրիոյ մէջ անխնայ բռնութեան եւ մարդկային աղէտին պատճառով: Անհամար թիւով անմեղ երեխաներ, կիներ եւ տղամարդիկ կը սպաննուին, կը վիրաւորուին եւ կը հեռացուին իրենց տուներէն: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ձեզի` իբրեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակիցներ, հետապնդելու բոլոր զինեալ տագնապներու եւ թշնամութեան անմիջական դադրեցումը Սուրիոյ մէջ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն ազատ արձակելու ձերբակալուած եւ առեւանգուած անձերը: Կը յորդորենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին միջոցներ ձեռք առնելու` վերջ տալու Սուրիա զէնքի եւ օտար զինուորներու հոսքին»:

Խորհուրդը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու, որ Սուրիոյ բոլոր խոցելի համայնքները եւ դրացի երկիրներուն մէջ ապաստան գտած գաղթականները պատշաճ մարդասիրական օգնութիւն ստանան, ինչպէս նաեւ զարգացնելու բազմակողմանի եւ ընդգրկուն հոլովոյթ մը` արդար խաղաղութեան հաստատման եւ Սուրիոյ վերակառուցման համար:

«Իբրեւ քրիստոնեաներ` մենք միաձայն կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման: Այս խաղաղութեան հասնելու համար մենք պէտք է միասին աշխատինք մեր մահմետական քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, որոնց հետ ունինք ընդհանուր պատմութիւն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ ընկերային արժէքներ: Մենք վստահութեան կառուցման միջոցով կը ջանանք աշխատիլ յանուն ազգային հաշտութեան եւ ապաքինման», յայտարարեցին եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին մասնակիցները:

 

Նախորդը

Խաժակ Եւ Սեպուհ Սրբազանները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Յաջորդը

«Միջին Արեւելքին Մէջ Քրիստոնէութիւնը Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Անցեալին, Ներկային Ու Ապագային Նկատմամբ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.