Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ո՞վ Է Արուեստագէտը

January 17, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԲՆԱՒ ՄՏԱԾԱ՞Ծ ԷՔ ԳԾԵԼ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՄԸ ՊԱՏԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՆՄԱՆ ԵՐԱԶ ՄԸ:

Թանգարանի մը մաքրամաքուր պատերը տեսնելով` գէթ ակնթարթի մը համար մեր մէջ կ՛արթննայ անոնց արգիլեալ մակերեսին հպելու ցանկութիւն մը: Ի վերջոյ հասած է այն օրը, երբ այս երազը իրականութիւն կը դառնայ Նիւ Միւզիըմի մէջ:

985musԱնիկա մաս կը կազմէ Փաուի Ալթամըրի զետեղման արուեստի գործին, որ Նիւ Եորք քաղաքին արուեստի այս կեդրոնին ամբողջ 4-րդ յարկը կը վերածէ իւրայատուկ սպիտակ գրատախտակի մը, որուն վրայ ամէն ոք կրնայ գծել: Զետեղման արուեստի այս գործը կը կրէ «Տրաֆթցմէն՛զ քոնկրես» (գծագրողներու համաժողով) վերնագիրը: Անիկա առաջին անգամ անցեալ տարի ներկայացուած է Պերլինի երկամեայ 7-րդ փառատօնին: Ցուցահանդէսին ընթացքին ակնդիրներ առիթը պիտի ունենան արուեստագէտ դառնալու եւ իրենց դրոշմը ձգելու անուանի թանգարանին պատերուն վրայ:

Ալթամըր իր գործը կը նկարագրէ իբրեւ «յարատեւ հանդիպումը մարդոց, որոնք բառերու փոխարէն կը խօսին պատկերներով եւ զանգուածները կը հրաւիրեն իրենց կարծիքները արտայայտելու կրօնի, քաղաքականութեան, ուժի եւ խաղաղութեան վերաբերեալ (անշուշտ կը նախատեսենք նաեւ հայհոյանքներու եւ ցպիկէ կերպարներու անվերջանալի շարքեր):

«Կ՛ուզէք քաղաքավար եղէք կամ անքաղաքավար, երկչոտ կամ ցասկոտ. պատկերներու ճակատամարտ մը մղեցէք այլոց դէմ,- կ՛ըսէ արուեստագէտը:- Պատկերացուցէք ձեր սէրը, ձեր ատելութիւնը, ձեր կարծիքները եւ պահանջները: Ճշմարտութիւնը հրապարակեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք»:

Բաւական ներշնչուեցա՞ք արդէն: Հրաշալի գաղափար մըն է, թէեւ դրուած օրէնքը այնքան ալ չի տարբերիր սրճարաններու բաղնիքները կառավարող օրէնքներէն: Այսուհանդերձ, անդիմադրելի է թանգարանին պատերուն հպելու մեր մղումը:

Զետեղման արուեստի այս գործը միայն մէկ մասն է Ալթամըրի ամբողջական ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Տը նէյպըրզ» (դրացիները) վերնագիրը: Անիկա լեհ արուեստագէտին թանգարանային առաջին ցուցահանդէսն է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ պիտի ընդգրկէ քանդակագործութեան աշխատասենեակներ, ինչպէս նաեւ տեսերիզներու շարք մը` «ուղեղի այսպէս կոչուած ալիքներ եւ առեղծուածային այլ երեւոյթներ» վերնագիրով:

Ալթամըրի զետեղման արուեստի գործը քայլ մը առաջ կը տանի «յարաբերական գեղագիտութեան» գաղափարը. թանգարաններու մէջ ժողովրդականութիւն վայելող ուղղութիւն մը, որ ակնդիրներէն կը պահանջէ մաս կազմել արուեստի գործերու, այս պարագային` իրապէս ստեղծելու: Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եթէ արուեստագէտներ շարունակեն առաջ տանիլ այս «ծանր» ուղղութիւնը:

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ձիու Քանդակներ

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Բոլորին Երազը` Հնավաճառէն Գնուած Թանկարժէք Իրը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.