Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զո՞վ Մեղադրենք

January 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կամ կը մեղադրենք:

Նոր սերունդը, այսինքն` մեր զաւակները, հայերէն չեն կարդար, նոյնիսկ եթէ հայերէն կարդալ ու գրել գիտեն, նոյնիսկ եթէ հայկական վարժարան աւարտած են, հայ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց չեն տար, նուազագոյն իսկ տեղեկութիւն չունին ժամանակակից մեր գրողներուն մասին:

Ո՞վ է մեղաւորը:

Ե՞րբ էր վերջին անգամ, որ տան մը մէջ, ընտանեկան ընթրիքի կամ որեւէ հաւաքի մը ընթացքին մեր զաւակներուն հետ խօսած ենք գրական մեր գանձերուն մասին: Լաւագոյն պարագային` հարեւանցի անուններ արտասանած ենք, առանց անոնց գործերուն մասին ծաւալելու զրոյցը:

Ինչո՞ւ:

Կա՛մ պարզապէս մենք բաւարար տեղեկութիւն չունինք, բաւարար չենք ընթերցած, կա՛մ մեր երիտասարդական տարիներու ընթերցումները արդէն իսկ մոռացութեան ենթարկուած են: Նոր գրականութեան գծով բոլորովին բոպիկ ենք, եւ եթէ մեր զաւակները մեզի հարցնեն, թէ ո՞վ է այսօր ամէնէն տաղանդաւոր հայ արձակագիրը կամ բանաստեղծը, դժուար թէ կարենանք պատասխան մը գտնել:

Ինչո՞ւ: Եթէ նոյնիսկ զինուած ենք գրականութիւն կարդալու անհրաժեշտ բոլոր գործիքներով, գիտենք կարդալ, մեզի հասանելի են աշխարհի տարբեր անկիւններ հրատարակուող գիրքերը, ապա ինչո՞ւ չենք կրնար համոզիչ կերպով մեր զաւակներուն, նոր սերունդին փոխանցել ու անոնց միտքին մէջ դրոշմել ժամանակակիցներու անուններ, այնպիսիներ, ինչպիսիք էին Հրանդ Մաթեւոսեանը, Սեւակը, Վահէ Օշականը ու Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը…

Ինչո՞ւ: Պատասխանատու ենք բոլո՛րս, նաեւ` մամուլի աշխատողներս: Նոյնիսկ ընթերցողներուն չենք մատուցեր ժամանակակիցներու գործերը, կամ եթէ նոյնիսկ ընենք, ապա` պատահականօրէն, առանց ծրագրումի, առանց յստակ նպատակակէտ ունենալու:

Կրնա՞նք փոխել իրավիճակը: Անշո՛ւշտ կրնանք:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Հայրենիք Մը Ամբողջ Կը Տողանցէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Օրացոյցի Էջերուն Վրայ (Գաղութահայ Դիտարկումներ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.