Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակուած Է Ցեղասպանութեան Մասին Գերմանական Գաղտնի Փաստաթուղթերու Գիրքին Անգլերէնը

January 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

GustArmenianԹորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկը հրատարակած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-1916. ապացոյց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւէն» գիրքի անգլերէն տարբերակը: Գիրքը կը բովանդակէ հարիւրաւոր նամակներ, հեռագիրներ ու զեկոյցներ, զորս Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանացի պաշտօնեաները ուղարկած են իրենց երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս փաստաթուղթերը անհերքելի փաստեր կը ներկայացնեն Ցեղասպանութիւն կատարած երիտասարդ թուրքերու մտադրութեան եւ այս մասին գերմանական պաշտօնեաներուն տեղեակ ու յանցակից ըլլալուն վերաբերեալ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող գերմանացի պաշտօնեաները դարձան Ցեղասպանութեան կարեւորագոյն, ազգութեամբ ոչ հայ ականատեսները: Փաստաթուղթերը, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ, եղած են ներքին օգտագործման համար եւ չեն հրապարակուած:

Գերմանացի լրագրող, պատմաբան եւ թարգմանիչ Վոլֆկանկ Կուսթ, որ կազմած եւ խմբագրած է գիրքը, խօսելով գիրքին պատրաստութեան մասին` պատմած է, թէ ինչպէս ապշած է տեղեկանալով, որ Գերմանիան լուռ մնացած է Եւրոպայի ծայրը կատարուած զանգուածային սպանութիւններուն ընթացքին: «Այս ցեղասպանութիւնը գերմանացիները ոչ ծրագրած են, ոչ ալ գործադրած, սակայն անիկա մեծապէս ընդունուած է անոնց կողմէ: Կայսերական Գերմանիան երիտթուրքերուն ամենամօտ դաշնակիցն էր եւ անոնց հետ ունէր ռազմական պաշտօնական դաշինք: Հարցերուն հարցը հետեւեալն է. արդեօք կայսերական Գերմանիան գործող ո՞ւժ էր հայերու Ցեղասպանութեան ժամանակ կամ, թերեւս, այդ միտքին հեղինա՞կն էր, ինչպէս կը պնդեն գերմանացի բազմաթիւ պատմաբաններ», նշած է Կուսթ:

Գիրքը արդէն լոյս տեսած էր գերմաներէնով ու թրքերէնով` գրաւելով մամուլի ուշադրութիւնը: Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը գիրքին մասին գրած էր հետեւեալը. «Եթէ դուն կարդաս գիրքը եւ նայիս փաստաթուղթերուն, եթէ դուն մէկն ես, որ այս հարցին կը ծանօթանաս այս գիրքին միջոցով, ապա անկարելի է, որ չհաւատաս Ցեղասպանութեան եւ չարդարացնես հայերը»:

Նախորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Լուրերը Վատ Են

Յաջորդը

«Ես Արդէն Վաղուց Ծնուած Էի»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.