Հ. Մ.

Անհաւատալի կը թուի առաջին իսկ հայեացքէն, որ այս փոքրամարմին, թխադէմ, մանկական դիմագիծով այս պատանեակը այդպիսի հզօր կամք եւ ուժ կը թաքցնէ իր մէջ, միայն 2012-2013 թուականներուն Լիբանանի մարմնամարզութեան կրտսերներու ախոյեանութեան, տիրանալով 6 բազմագոյն մետալներու…
2006 թուականին ծնած Քրիստ Կարպիս Պարսումեանի հետ լոյս աշխարհ եկած է մարզական բացառիկ տաղանդ, որ մասնաւորաբար փայլած է մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ: Հայ պատանեակը անմիջապէս գրաւած է լիբանանեան մարմնամարզութեան վաստակաշատ մարզիչ Թալեպ Մաժետի ուշադրութիւնը:
Վերջինս, 1979-1980 թուականներուն այցելած ու մրցումներու մասնակցած է հայոց քաղաքամայր Երեւանի ու Մոսկուայի մէջ` մօտիկէն ծանօթանալով «Օղակներու արքայ» Ալպերթ Ազարեանին ու 1952 թուականի ողիմպիական ախոյեան Հրանդ Շահինեանին, խորապէս տպաւորուելով անոնց հիմնած մարմնամարզութեան դպրոց-ախոյեաններու դարբնոցներով:
«Եթէ Քրիստ Պարսումեան բարձրակարգ մարզումներու հետեւի Հայաստանի մէջ թէ այլուր, կրնայ աշխարհահռչակ մարզիկ դառնալ: 2012 թուականին, Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան: 2013 թուականին ոչ միայն բացարձակ ախոյեան, այլեւ օղակներու, ձիացատկի եւ գետնի ազատ վարժութիւններուն մէջ արժանացաւ ոսկի մետալներու: Բացառիկ տաղանդ մը, որ մասնաւոր ուշադրութեան պէտք է արժանանայ պատասխանատու շրջանակներու կողմէ` զինք դարձնելով Լիբանանի եւ… հայոց պարծանքը», ժպտալով կ’եզրակացնէ մարզիչ Թալեպ Մաժետ:
Ըստ հարազատներուն վկայութեան, փոքրիկ ախոյեանը խստօրէն կը պահպանէ մարզական ռեժիմը ոչ միայն մարզումներու, այլեւ մրցումներու ընթացքին: Ունի նաեւ երաժշտական ցայտուն տաղանդ, կը սիրէ կարդալ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել մարմնամարզութեան տաղանդները: Լիբանանի ախոյեանութեան ընթացքին, «ազարեանական» օղակներու վրայ, Քրիստ Պարսումեան նոյնիսկ իր մարզիչին եւ դատական կազմին անակնկալ հնարքներ վերապահած էր` բուռն ծափահարութեան եւ ոսկեայ պարգեւի արժանանալով:
2014 վճռական տարուան սեմին սպասելիքները շատ են… Մաղթենք, որ լիբանանահայ մարզական կեանքի երբեմնի աստղահոյլին մէջ կը յայտնուի նոր ախոյեան մը եւս:


