«ՖԻՏԷ»-ի պաշտօնական կայքէջը յայտնեց, որ 2015-ի աշխարհի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնները տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը տեղեկացուց երէկ` իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Անոնք տեղի պիտի ունենան 1-15 մարտ 2015-ին:
Նշենք, որ աշխարհի խմբային ախոյեանութիւններուն կը մասնակցին զօրաւորագոյն 10 հաւաքականները:
Նախքան այս յայտարարութեան հրապարակումը «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ, յստակացած էր նաեւ, որ մարտ 2014-ին Երեւան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը:


