Քառասուն օրերէ ի վեր Նորա Քեսապլեանը անդարձ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն ու շրջապատէն…
Նորան ծնած է 1964-ի յունուար 5-ին: Իր ծննդեան 50-ամեակը չբոլորած անգութ հիւանդութիւնը խլեց իր կեանքը` ձգելով շրջապատը անմխիթար:
Բարի ու ազնիւ հոգիի մը տէր էիր սիրելի՛ Նորա, միշտ ծանրակշիռ, զուսպ, ինքնամփոփ, լուրջ ու բարի:
Հակառակ այն իրողութեան որ երկարատեւ բուժումը չէր տար սպասուած արդիւնքները, ինք մնայուն կերպով լաւատես էր, ամէնէն դժուար ու ծանր պահերուն իսկ ոչ ոքի կ՛ուզէր իր ցաւերը պատմել: Ան կեանքը դիմաւորեց ու պայքարեցաւ իր ախտին դէմ միշտ մեղմօրէն, փառք տալով Աստուծոյ, դժուարին օրերը անցուց յաճախ աղօթելով, տխուր ժպիտով, առանց զգացնելու իր ներքին տառապանքները: Խօսելու ուժ չունէր, բայց հաւատքը զօրացուցած էր զինք:
Նորան բնաւորութեամբ շատ մեղմ ու համեստ, առաքինի երեք զաւակներու մայր էր, իր կեանքի ընթացքին ապրեցաւ զրկանք ու տառապանք, սակայն բնաւ չվհատեցաւ եւ իր ընտանիքին մթնոլորտը պահեց ջերմ եւ մնաց վեհանձն… եղաւ իտէալ մայր, իր մայրական պարտականութիւնը ու զոհողութիւնը ամբողջութեամբ կատարեց` իր զաւակներուն տալով հայեցի դաստիարակութիւն: Փոքր տարիքէն անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին: Ըլլալով Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Դպրաց դասի անդամ, նոյնիսկ անողոք իր հիւանդութեան սկզբնական հանգրուաններուն պարտաճանաչօրէն, իւրաքանչիւր կիրակի յաջորդաբար կը մասնակցէր Ս. պատարագի հոգեւոր երգեցողութեան:
Սիրելի՛ քոյրս, կորուստդ ցնցեց ամբողջ Այնճարը…
Արդէն անցան 40 օրեր, սակայն տակաւին քու սիրելիներդ ու ընկերուհիներդ արցունքով ու լալագին կերպով կը պատմեն քու ազնիւ ու անկեղծ զոհողութիւններուդ մասին: Տակաւին բազմաթիւ պարտականութիւններ ունէիր կատարելիք, սակայն անոնք կիսատ մնացին, երբ յանկարծ կտրուեցաւ քու կեանքի թելդ:
Թախծոտ տխուր օր էր դեկտեմբեր 7-ը, երբ յոգնած, մարած աչքերդ փայլեցան երկինքին մէջ` լուսաւոր ու պայծառ աստղի մը նման:
Սիրելի՛ քոյրս, անդարձ բաժնուեցար մեզմէ, բայց գիտցիր, որ պիտի ապրիս մեր յիշատակներուն, սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ու կարօտով պիտի փնտռենք քեզ յաւիտեան…
Գացիր քու յաւիտենական տանդ մէջ հանգչելու…
Իսկ մենք յաւիտեան պիտի փնտռենք քեզ եւ պիտի զգանք լուռ ներկայութիւնդ մեր կողքին:
Խունկ ու ծուխ քու թարմ շիրիմիդ վրայ…:
Քոյրդ`
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ


