
Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` երրորդ եւ վերջին անգամ յետաձգելով լիբանանեան ծովեզերքէն քարիւղի պեղումներու արտօնագիրներու վճռումի ժամկէտը` մինչեւ 10 ապրիլ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակցիլ փափաքող ընկերութիւններուն` Պասիլ ընդգծեց, որ «եռամսեայ այս յետաձգումը վերջնական է»:


