Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Խանդավառ Նշում` Համազգայինի «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ

January 9, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 յունուարին ամանորեան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, ուր այս առիթով Գեղարուեստի դպրոցներուն  կատարած նախաձեռնութիւնները կը կրէին «Միասին տօնենք Ամանորն ու Ս. Ծնունդը» ընդհանուր խորագիրը:

IMG_7386Կեդրոն մուտք գործելէ առաջ արդէն կը զգացուէր Կաղանդի մթնոլորտը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան երգերուն ընդմէջէն, որոնք լսելի էին ամբողջ կեդրոնին մէջ: Մուտքին ծնողներուն միացեալ ճիգերով եւ աշխատանքով պատրաստուած էր Կաղանդի յատուկ տօնավաճառ, ուր կը վաճառուէին տարբեր տեսակի ուտելիքներ, քաղցրեղէն եւ այլն:

Առաւօտեան ժամը 10:00¬էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00 «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտները ունեցան տարբեր եւ իւրայատուկ դասընթացք մը: Արդարեւ, իրենց միացած էին իրենց ծնողները, որոնք եւս գծեցին: Հետաքրքրականը այն էր, որ դատաւորները աշակերտներն էին, որոնք ճշդեցին օրուան լաւագոյն գծանկարը, որուն հեղինակը ստացաւ նուէր մը:

Կեդրոնին մէջ  տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային ժամանումով, որ կենդանութիւն, ուրախութիւն եւ հրճուանք բերաւ իրեն հետ: Աշակերտները համախմբուեցան անոր շուրջ, որ այցելեց բոլոր յարկերն ու դպրոցները, զրուցեց աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ` մաղթելով, որ բոլորը յաջողութեամբ եւ լաւատեսութեամբ դիմաւորեն Նոր տարին:

IMG_0530

IMG_0489

 

 

 

 

 

 

 

Երեկոյեան ժամը 5:00¬ին Համազգայինի  «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական իւրայատուկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կիթառներու համոյթը, երգչախումբը եւ այլ աշակերտներ:

IMG_0486Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան բարի գալուստ մաղթեց ծնողներուն եւ բարեկամներուն` յոյս յայտնելով, որ 2014-ը ըլլայ բարեբեր, խաղաղ եւ լաւ տարի մը: Ան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի դպրոցները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը` միշտ հաւատալով, որ արուեստն ու մշակոյթը մեծ կարեւորութիւն ունին նոր սերունդներու դաստիարակութեան իմաստով:

Երեկոյին ընթացքին հնչեցին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան եղանակներ ու երգեր, ինչպէս նաեւ այլ ուրախ երգեր, որոնց ընդմէջէն ներկաները մոռնալով իրենց առօրեայ հեւքն ու միօրինակութիւնը` փոխադրուեցան տօնական մթնոլորտի մէջ:

4 յունուարը իւրայատուկ եւ յիշատակելի օր մը եղաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտներուն համար, որոնք օրը անցուցին տօնական շունչով եւ տրամադրութեամբ:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Թուրքիոյ Մէջ Ոստիկանները Աշխատանքէ Հեռացնելու Երեւոյթով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։